«Նոր Յառաջ»ի հարցազրոյցը Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ

«Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ«Նոր Յառաջ»ի հարցազրոյցը Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ, ընկերակցութեամբ Հեսսենի եւ Ռայնլանտ-Ֆալցի հոգեւոր հովիւ Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանի:

Գերմանիոյ Հայ առաքելական թեմը, Մարտ 5-6ին իր թեմական նոր խորհուրդը ընտրեց, որուն համար Գերմանիոյ 15 համայնքներէն շուրջ 44 պատգամաւորներ հաւաքուած էին Քէօլն։ Այս հաւաքին առթիւ, թեմակալ առաջնորդ՝ Գարեգին Արք. Պեքճեան «Նոր Յառաջ»ի տնօրէնին Գերմանիա գտնուելու պատեհ առիթէն օգտուելով, հրաւիրեց զինք Կիրակի օրուան ժողովին ներկայ գտնուելու։ Այս առթիւ կատարեցինք Սրբազան հօր հետ սոյն հարցազրոյցը։

Առաջին անգամ ըլլալով Եկեղեցական թեմական կառոյցէ մը բացէ ի բաց նման հրաւէր մը կը ստանանք, իբր թերթի խմբագրութիւն, ներկայ գտնուելու թեմական պատգամաւորական ժողովի։ Դեռ աւելին՝ Սրբազան հայրը խօսք տալով թերթիս տնօրէնութեան, հրաւիրեց որ «Նոր Յառաջ» թերթը ներկայացնենք պատգամաւորական ժողովին եւ քաջալերեց անդամները որ բաժանորդագրուին անոր։ Այս առթիւ կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը։

«Նոր Յառաջ» – Վերջերս, ինչպէս ամէնուր այնպէս ալ վստահաբար Գերմանիա հասած են սուրիահայ գաղթականներ։ Առաջնորդարանը ի՞նչ ձեւերով կ՚օժանդակէ անոնց։
Գարեգին Արք. Պեքճեան – Երկրի զանազան շրջաններ հասած սուրիահայ մեր հայրենակիցները Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդարանին կը դիմեն մեծ մասամբ իրենց կեցութեան արտօնագրի եւ փոխադրութեան հարցերը լուծելու համար։ Ըսեմ, թէ հոս ի տարբերութիւն Ֆրանսայի, գաղթականները իրաւունք չունին իրենց բարեկամներու կամ ազգականներու մօտ կայք հաստատելու։ Անոնք հարկադրուած են ստեղծուած գաղթականական յատուկ կեդրոններու մէջ բնակելու եւ միա՛յն 30 քիլոմեթր շրջագիծի մէջ կրնան մնալ ու այդտեղէն դուրս չեն կրնար ելլել, մինչեւ որ ապաստանի արտօնագիր ստանան։ Անշուշտ ապաստանեալներու յատկացուած կեդրոններու մէջ ապրելու լաւ պայմաններ չկան եւ հոն հաւաքուած են տարբեր մշակոյթներու, տարբեր գաղափարներու եւ լեզուներու տէր մարդիկ, որոնք դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն եւ նոյն այդ պատճառով է որ գաղթական Հայերը մեզի կը դիմեն եւ այնտեղէն փոխադրուելու համար մեր միջամտութիւնը կը խնդրեն։ Բայց դժբախտաբար այդ գծով եղած մեր դիմումները տեղ չեն հասնիր նկատի ունենալով գաղթականաց հարցով Գերմանիոյ խիստ օրէնքները։
Պէտք է ըսեմ թէ մեր հայրենակիցները նաեւ զանազան օգնութիւններ կը խնդրեն մեզմէ՝ բնակարան, աշխատանք եւ այլն, բայց ցաւ ի սիրտ մեր կարողութիւնները սահմանափակ են եւ չենք կրնար ամէնուն օժանդակել։ Վերջերս, անցնող երկու տարուան ընթացքին մեր կողմէ հանգանակուած 30 հազար եւրոյի գումար մը փոխանցեցինք Ս. Էջմիածին, որպէսզի յատկացուի Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն։ Այսօր ալ կը շարունակենք հանգանակութիւնը՝ նոյն նպատակով։

«ՆՅ» – Սուրիահայ գաղթականները Թուրքիոյ ճամբո՞վ կը հասնին Գերմանիա։
Գ.Ա.Պ. – Մեծ մասամբ Թուրքիայէն կու գան եւ նաւով՝ Յունաստան, յետոյ՝ հետիոտն այստեղ կը հասնին…։ Անոնց միջին տարիքը 40ի շուրջ է. կու գան իրենց ընտանիքներով, երախաներով եւ ցրուած են Գերմանիոյ տարածքին։

«ՆՅ» – Գաղթականները գլխաւորաբար ո՞ր շրջաններուն մէջ կ՚ապաստանին։
Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան – Նիւրէնպերկ քաղաքին կից Սիւրընտորֆ գիւղին մէջ կը գտնուի Գերմանիոյ ամենէն ծանօթ գաղթականաց ճամբարը, ուր հայ տարագիրներու մեծամասնութիւնը ապաստան կը գտնէ, այսինքն եթէ նոյնիսկ անոնք Պէրլին յանձնուին, պետութիւնը շուտով զանոնք հոն կը փոխադրէ։ Նկատի ունենալով որ Քէօլնի եկեղեցին քաղաքին շատ մօտ կը գտնուի հետեւաբար Հայերը անմիջապէս մեզի կը դիմեն օժանդակութեան համար։ Աւելցնեմ, որ հոն կայ նաեւ նշանաւոր բուժարան մը ուր մանաւա՛նդ քաղցկեղէ տառապող տարագիր հիւանդները բուժում կը ստանան, որոնց տարիքը 3էն 70ի միջեւ է։ Այնտեղ 100է աւելի ծանր հայ հիւանդներ ունինք։

«ՆՅ» – Հոն ապաստանած հայ գաղթականները ի՞նչ թիւ կը կազմեն։
Գ.Ա.Պ. – Յստակ թիւ չունինք, որովհետեւ հոն ժամանակաւոր կեցութիւն հաստատելէ ետք անոնք կը փոխադրուին այլ վայրեր՝ առանց մեզ տեղեակ պահելու։

«ՆՅ» – Որքա՞ն ժամանակ կ՚առնէ որպէսզի անոնք կեցութեան արտօնագիր ստանան։
Գ.Ա.Պ. – Սուրիայէն եկողները քանի մը ամիս վերջ կ՚ունենան կեցութեան եւ երբեմն ալ աշխատելու արտօնագիր։ Բայց նոյնը չէ Հայաստանէն փախածներու պարագան, որոնք արտօնագիր ստանալու դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։

«ՆՅ» – Անցնող շաբաթավերջին Առաջնորդարանին մէջ կայացաւ պատգամաւորական ժողովը եւ թեմական նոր վարչութիւն մը ընտրուեցաւ։ Թեմական նոր վարչութիւնը քանի՞ անդամ ունի։ (Խմբ. «ՆՅ»ի.- Մարտ 15ի թիւով հրատարակած ենք Գերմանիոյ Առաջնորդարանի հաղորդարութիւնը, ուր այս առթիւ մանրամասնութիւններ կը փոխանցուին)։
Գ.Ա.Պ. – Պատգամաւորական ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 8 հոգինոց թեմական նոր վարչութիւն մը եւ երկու հոգի ալ՝ պահեստի անդամ։

«ՆՅ» – Գերմանիոյ մէջ Թեմական Խորհուրդը ինչպիսի՞ կառոյց ունի։
Գ.Ա.Պ. – Երբ 1991ին ստանձնեցի առաջնորդական պաշտօնը, այն ատեն ստեղծեցինք կանոնադրութիւն մը որու հիման վրայ կազմուեցան համայնքները, որոնք պէտք է գործէին Առաջնորդարանի հովանիին տակ, բայց իւրաքանչիւր համայնքի վարչութիւն իր կարգին ազատ աշխատելու իրաւասութիւնը ունէր։ Այդ համայնքները յետագային մաս կազմեցին Թեմին եւ համայնքային իրաւունքի համաձայն (ըստ դաշնակցային իշխանութեան օրէնքներուն) իւրաքանչիւր շրջանի համայնքը ստիպուած է իր նահանգին մէջ արձանագրուելու իբրեւ եկեղեցւոյ պատկան միաւոր։ Մեր ընդհանուր կանոնադրութեան մէջ բաժին մը կայ որ յատկացուած է համայնքներու ստեղծման հարցին։ Յայտնեմ թէ – Ամերիկայէն բացի – միայն հոս է որ բոլոր համայնքներու կալուածները Առաջնորդարանի անունով արձանագրուած են։ Այսինքն որեւէ համայնք չի կրնար իր կալուածը Առաջնորդարանի անունով արձանագրել եւ վերջը օրինակի համար զայն վաճառատան վերածել։ Պէտք է յարգուին եկեղեցական օրէնքները։ Այս գծով կարելի է Պոլսոյ եկեղեցիներու օրինակը տալ, ուր անոնք կապուած չեն Պատրիարքարանին եւ Պատրիարքութիւնը պաշտօնապէս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի այդ եկեղեցիներուն վրայ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին կը գործէ. օրինակ թաղական մը կրնայ իր ուզած ձեւով կալուած մը ծախել։ Որոշ տեղեր դժբախտաբար այդպէս ալ եղաւ…։

«ՆՅ» – Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին արծարծուեցաւ Քէօլնի մէջ Մշակութային կեդրոն մը հիմնելու ծրագիրը։ Կարելի՞ էր որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդէիք։
Գ.Ա.Պ. – Հոս Հայ Գործարարներու միութիւն մը կայ որ հետաքըրքրուած է այդ ծրագրով։ Իմ նպատակն է կեդրոն մը ունենալ որ կարողանայ մշակոյթի զարգացման հարցերով զբաղիլ։ Այդ կեդրոնին մէջ կարելի է միատեղել բոլոր միութիւնները, որոնք կ՚ունենան իրենց գրասենեակները եւ ուրկէ ալ կարելի կ՚ըլլայ համադրել աշխատանքները։

«ՆՅ» – Երկրին տարածքին՝ քանի՞ շրջաններու մէջ հայկական համայնքներ կան։
Գ.Ա.Պ. – Գերմանիոյ մէջ պաշտօնապէս 15 հայկական համայնքներ ունինք։ Անշուշտ խօսքը եկեղեցական համայնքներուն կը վերաբերի, որովհետեւ այլ վայրերու մէջ ալ մշակութային միութիւններու շուրջ համախմբուած Հայեր կան, բայց անոնք համայնքային պաշտօնական թիւին մաս չեն կազմեր։ Ըսեմ, թէ դժբախտաբար այդ համայնքներէն ոչ բոլորն են որ հոգեւոր հովիւներ ունին եւ այդ պատճառով ալ մենք ամէն շաբաթ կը շրջինք եւ այցելութիւն կու տանք համայնքներուն։ Օրինակի համար Հոգեշնորհ Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանի հսկողութեան տակ կը գտնուին չորս համայնքներ եւ Հայր Սուրբը իւրաքանչիւր Կիրակի համայնքի մը համար պատարագ կը մատուցանէ։ Այսպէս կը գործեն նաեւ միւս հոգեւորականները։ Ես ալ ընդհանրապէս կ՚ընդառաջեմ պաշտօնական հրաւէրներուն եւ իբրեւ գաղութի հոգեւոր ներկայացուցիչ կը մասնակցիմ զանազան հանդիսութիւններու՝ ըլլայ Հայաստանի դեսպանատան մէջ թէ այլուր։ Վերջերս մասնակցեցայ Միւնիխի մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան արարողութեան եւ օրհնեցի սկաուտները։

«ՆՅ» – Այդ 15 համայնքներէն իւրաքանչիւրը ունի իր ծուխը։ Արդեօք այլ շրջաններէ ալ ծուխ ունենալու դիմումներ կը ստանա՞ք։
Գ.Ա.Պ. – Անշուշտ որ դիմողներ կան, բայց մեզի կը պակսին միջոցները։

«ՆՅ» – Առաջնորդարանը նաեւ կը կազմակերպէ ուխտագնացութիւններ՝ դէպի Գերմանիոյ զանազան քաղաքները։ Ի՞նչ կ՚ըսէիք այս կապակցութեամբ։
Գ.Ա.Պ. – Ասիկա նորութիւն չէ եւ մենք – անշուշտ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ – երբեմն նման ձեռնարկներ կը կազմակերպենք, որոնք մեծապէս կ՚ընդառաջուին ժողովուրդին կողմէ։ Անոնցմէ նշենք դէպի Քէվէլա ուխտագնացութիւնը որ կաթողիկէ ուխտավայր մըն է իր եկեղեցիներով եւ Քէօլնէն շուրջ 50 քիլոմեթր անդին կը գտնուի։ Այս մասին տեղին է յիշել Զապէլ Եսայեանի «Ուխտագնացութիւն մը դէպի Քեւլահար» գրութիւնը։ Այդ քաղաքին մէջ կը գտնուի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար մը։ Հոն նաեւ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատկանող պզտիկ մատուռ մը կայ ուր երբեմն արարողութիւն կը կատարենք։ Իմ առաջարկով հայ համայնքները իրենց շրջաններուն մէջ կը կազմակերպեն բարեսիրական տօնախմբութիւններ ուր կը վաճառուին հայկական գիրքեր, ճաշեր, կը սփռուի հայ երաժշտութիւն, եւ ասիկա՝ փողոցներու մէջ եւ հրապարակներու վրայ, ինչպէս սովորութիւն է ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ։ Գիտէք, նման ձեռնարկներ հայութիւնը ծանօթացնելու քարոզչական լաւ միջոցներ են։ Նաեւ հոս միջեկեղեցական կեդրոնական միութիւն մը կայ, որ իր շուրջ կը համախմբէ Հայեր, Յոյներ, աւետարանական համայնքներ, եւայլն։ Այս միութիւնը ունի տարբեր մասնաճիւղեր, որոնք զանազան աշխատանքներ կը տանին եւ որոնց կը մասնակցին նաեւ մեր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները։ Ես մեր անդամներուն յորդորեցի որ անպայման զօրակցին այդ կազմակերպութեան ձեռնարկներուն, որովհետեւ այդպէսով պիտի հզօրանայ ընդհանրապէս քրիստոնեայ եկեղեցին։

«ՆՅ» – Իսկ դէպի Հայաստան ուխտագնացութիւնները ի՞նչ յաճախականութեամբ կը կազմակերպուին։
Ս.Վ.Ի. – Որքան որ կը յիշեմ 1997էն ի վեր տարին անգամ մը Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն կը կազմակերպուին ուխտագնացութիւններ։ Սկիզբը ուխտաւորներու մեծ մասը Հայեր էին եւ քանի մը Գերմանացիներ։ Բայց վերջին տարիներուն աւելի մեծ թիւ կը կազմեն Գերմանացիները։ Ըսեմ, թէ այս ուխտագնացութիւնները աւելի ճանաչողական բնոյթ կը կրեն եւ ժողովուրդը կը ծանօթանայ Հայաստանի եկեղեցիներուն, բերդերուն, թանգարաններուն եւ այլ տեսարժան վայրերուն։ 2016ին կազմակերպուելիք ուխտագնացութեան պատասխանատուն Քէօլնի համայնքի եւ շրջակայքի հոգեւոր հովիւ Տ. Հրաչ Քհնյ. Պիլիճիեանն է։

Գ.Ա.Պ. – Սերովբէ Հայր Սուրբի ղեկավարութեամբ հոս նաեւ երախաներու համար մէկ շաբաթ տեւողութեամբ ճամբարներ կը կազմակերպենք, ուր պզտիկներուն կը դասաւանդուին հայերէն լեզու եւ կրօնք։ Ատիկա առիթ կ՚ըլլայ որ երախաները հայկական միջավայրի մէջ իրարու հետ շփուին։ Առաջնորդարանը հրատարակած է նաեւ «Ճանչնանք մեր եկեղեցին» անունով գրքոյկ մը։

«ՆՅ» – Առաջնորդարանին մէջ եկեղեցւոյ ծառայութեան համար երախաներ կ՚ընդունի՞ք։
Գ.Ա.Պ. – Այո՛, բայց շատ քիչ է անոնց թիւը։ Ուրբաթօրեայ դասընթացքներուն կը մասնակցին 25-30 երախաներ, որոնք հոգեւոր հովիւին ղեկավարութեամբ կը սորվին երգեցողութիւն եւ ծիսակատարութեան տարրական օրէնքներ։ Պէրլինի մէջ ալ Հայաստանէն եկած երիտասարդի մը (իր ուսումը ստացած է Երուսաղէմի դպրեվանքին մէջ) գլխաւորութեամբ աշակերտները կը սերտեն եկեղեցական գիտելիքներ ու երգեցողութիւն։ Յայտնեմ, թէ Պէրլինի մէջ տարբեր համայնքներ կան՝ եկեղեցական համայնք մը, Հայաստանցիներէ բաղկացած համայնք մը, եւայլն։

«ՆՅ» – Ընդհանրապէս Սփիւռքի մէջ եկեղեցիներուն կից կը գործեն նաեւ մշակոյթի տուներ, կրթական կեդրոններ։ Ինչպէ՞ս է Գերմանիոյ պարագան։
Գ.Ա.Պ. – Այստեղ կը գործեն Հայ Տուներ՝ Հանովր, Պէրլին, Միւնիխ, Հալլը, Նիւրէնպերկ եւ այլուր, իսկ եկեղեցական վարչութիւնները եթէ համապատասխան ուսուցիչները գտնեն այն ատեն կը կազմակերպեն միօրեայ դասընթացքներ։ Բայց այդ Տուները եկեղեցապատկան կալուածներ չեն։ Հալլէի եկեղեցին մեզի կը պատկանի, Քէօլնի եկեղեցին Հայերուն տրամադրուած է թէեւ սեփականութեան իրաւատէրը չենք։ Ըսեմ, թէ այլեւս եկեղեցիներու հողերուն սեփականատէրը Հռոմն է եւ այդ հողերը ծախու չեն։

«ՆՅ» – Հայութիւնը Գերմանիոյ մէջ ի՞նչ թիւ կը կազմէ։
Գ.Ա.Պ. – Կ՚ըսուի թէ հոս 70 հազար Հայեր կը բնակին, որոնցմէ եթէ միայն 30 հազարը հայ համայնքի անդամ ըլլար եւ ամսական եօթը կամ տասը եւրոյի անդամա-
վճարով մասնակցէր ծախսերուն, մենք հսկայական աշխատանք կրնայինք տանիլ։

«ՆՅ» – Երիտասարդութիւնը կը մասնակցի՞ եկեղեցական կեանքին։
Գ.Ա.Պ. – Երիտասարդութիւնը հայերէն լեզուն կորսնցուցած ըլլալու հանգամանքով բնականաբար անցեալի բաղդատմամբ նոյն վերաբերումը չունի եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Պէտք է նկատի առնել որ ասկէ 30-40 տարի առաջուան պայմանները տարբեր էին։ Երբ մարդը գաղթականի կացութեան մէջ կը գտնուի անշուշտ որ կը փնտռէ ծանօթներ, հարազատներ։ Բայց յետոյ երբ տուն-տեղի եւ գործի տէր կը դառնայ կամաց-կամաց կը խզուին իր յարաբերութիւնները…։ Իմ կարծիքով այդ երեւոյթը ծնողներէն կախեալ է, որոնք երախաներուն առաջին դաստիարակներն են եւ անոնք է որ իրենց զաւակները եկեղեցի կամ մշակոյթի տուն պիտի առաջնորդեն։ Յետոյ – ինչպէս ըսի – կայ նաեւ լեզուի հարցը եւ շատեր հայերէն չեն հասկնար։ Ըսեմ թէ պատարագը հայերէնով կը մատուցանուի իսկ երբեմն քարոզները կ՚ըլլան նաեւ թրքերէնով որպէսզի թրքախօս մեր հայրենակիցները հաղորդակից դառնան եւ հասկնան ըսուածները։

«ՆՅ» – Ուրիշ ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք։
Գ.Ա.Պ. – Հոգեւոր հովիւներու պակասը կը դժուարացնէ մեր գործը եւ երբեմն ստիպուած ենք մեր ծախսով այլ տեղերէ քահանայ կամ սարկաւագ հրաւիրել եկեղեցական արարողութեանց համար՝ մանաւանդ տօնական օրերուն։

«ՆՅ» – Այստեղ, ինչպէս կ՚երեւի, եկեղեցին ամենէն կարեւոր կառոյցն է…։
Գ.Ա.Պ. – Առաջնորդարանը իբրեւ հաստատութիւն առաջին տեղը կը գրաւէ։ Բայց կան նաեւ այլ միութիւններ ինչպէս՝ Գերմանահայ կեդրոնական խորհուրդը, Գործարարներու միութիւնը, Հայ-գերմանական ընկերակցութիւնը. այս վերջինը հիմնուած է 1914ին եւ գերմաներէնով կը հրատարակէ եռամսեայ հանդէս մը, ուր Հայաստանէն թարմ լուրեր կը հաղորդուին եւ ունի գերմանացի ընթերցողներ։ Տեղեկացնեմ թէ ընդհանրապէս հայութեան առընչուող զանազան հարցերուն գծով Առաջնորդարանը Հայաստանի դեսպանատան հետ սերտօրէն կը համագործակցի։

«ՆՅ» – Իսկ Գերմանահայ կեդրոնական խորհուրդը ի՞նչ առաքելութիւն ունի։
Ս.Վ.Ի. – Իրականութեան մէջ այդ խորհուրդը եկեղեցիէն դուրս գործող մշակութային կազմակերպութիւններու վերին մարմինն է որ ներկայացուցչական որոշ հանգամանք ունի եւ եկեղեցւոյ հետ պարզապէս բարոյական կապ կը պահէ։ Խորհուրդը կը ներկայացնէ Գերմանիոյ Հայոց աշխարհիկ գործունէութիւնը՝ մշակութային, քաղաքական առումով եւ յատկապէս աշխոյժ է ցեղասպանութեան ճանաչման գծով տարած իր քայլերով։ Խորհուրդը ունի նաեւ երիտասարդաց յանձնախումբ մը, որ տարին մէկ կամ երկու անգամ կը կազմակերպէ երիտասարդաց հաւաքներ, որոնց կը մասնակցին 70-80 հոգի։ Այս խորհուրդի նորընտիր նախագահուհին Ժագլին Խաչատրեանն է։

«ՆՅ» – Ձեր կարծիքով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Գերմանիոյ մէջ կրնա՞յ դրական արդիւնքի յանգիլ։
Ս.Վ.Ի. – Ես անձնապէս լաւատես եմ եւ կ՚ենթադրեմ որ մինչեւ ամառ այս կամ այն ձեւով հարցը նորէն օրակարգի նիւթ պիտի դառնայ։ Գիտէք, դէպի Եւրոպա մեծաթիւ գաղթականներու հարցն էր, որ խանգարեց ցեղասպանութեան ճանաչման ընթացակարգը։ Կը յուսանք, որ նախագահին յայտարարած բանաձեւը կ՚ընդունուի, ուր յստակօրէն նշուած է ցեղասպանութիւն եզրը։

«ՆՅ» – Կարելի՞ էր գաղութի անցեալի մասին երկու խօսք ըսել։
Գ.Ա.Պ. – Հայերը սկիզբը կայք հաստատած են արեւելեան Գերմանիոյ Հալլը քաղաքին մէջ. 19րդ դարուն երիտասարդներ հոն հայագիտութիւն ուսանած են։ Այսօր տեղւոյն ամպիոնի վարիչը հայաստանցի բանասէր Տիկ. Արմենուհի Աբգարեանն է։ Պէրլինի մօտ գտնուող Փոցտամ քաղաքն ալ կապ-
ուած է Հայերու անցեալին հետ. այնտեղ կեդրոն մը կայ որ հայագիտական կաճառ կը կոչուի եւ հոն կը պահուին հայութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր։ Նոյն քաղաքին մէջ կը գտնուի Լեփսիուսի տունը։ Հալլըի մօտ գտնուող Լայփցիկ քաղաքին մէջ որոշ ատեն մը ապրած է Կոմիտասը։ Ըսեմ, թէ այդ շրջանի Սաքսոնիա-Անհալթի նահանգը Հայաստանի հետ մշակութային սերտ կապեր ունի։ Իսկ Հալէ-Վիթընպերկի շրջանին մէջ ատենին բաւական թիւով հայ երիտասարդներ ուսանած են:

Scroll Up