Ծաղկազարդի Տօնը Ալմելոյի Մէջ
Մարտ 20-ին Ալմելոյի ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ Հայկական եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Եկեղեցական տօներէն Ծաղկազարդը` Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ, որ վերածուեցաւ իսկական տօնի: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Ալմելոյի կիրակնօրեայ դպրոցի ֆէյսպուքեան էջէն:
ՅԻՍՈՒՍԻՆ մարդիկ դիմաւորեցին ՁԻԹԵՆԻՆԵՐՈՒ եւ ԱՐՄԱՒԵՆԻՆԵՐՈՒ ճիւղերով: Աւանդոյթը մեծ խորհուրդ ունի, որ կը փոխանցենք մեր սերունդներուն:
Ալմելոյի կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակից եղան այս գեղեցիկ համաքրիստոնէական տօնին: Ուսուցիչ–ուսուցչուհիներու օգնութեամբ պատրաստեցին թուղթէ գեղեցիկ նկարազարդ տուփեր, դիտեցին «ՅԻՍՈՒՍ» ֆիլմը, մասնակցեցան եկեղեցական արարողութեան: