Մեծանուն Երաժշտահան Խաչատուր Աւետիսեանի Ծննդեան 90-Ամեակին Առիթով. Հիասքանչ Ելոյթով Հանդէս Եկաւ Համազգայինի «Այգ» Երգչախումբը
Նուագակցութեամբ էսթրատային եւ ժողովրդային զոյգ նուագախումբերուն, Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող «խենթերուն» ջանքերով (ինչպէս ակնարկեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը), «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը անգամ մը եւս ելոյթ ունեցաւ կիրակի, 20 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ, ի յիշատակ մեծանուն երաժշտահան Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 90-ամեակին, որ ապացոյցը հանդիսացած է Հայաստան-սփիւռք անքակտելի կապին: Ելոյթը ունէր իւրայատուկ յայտագիր` ընդգրկելով Խաչատուր Աւետիսեանի, Շարլ Ազնաւուրի, Թաթուլ Ալթունեանի, Ռուբէն Հախվերտեանի եւ Պիթըլզի ստեղծագործութիւնները, խմբավարութեամբ` Զաքար Քէշիշեանի: Դաշնակի ընկերակցութեամբ դաշնակահար Լիանա Յարութիւնեանի:
Ելոյթը հիասքանչ էր: Ինչպէս միշտ, «Այգ»-ը անգամ մը եւս դիւթեց ունկնդիրները` ստեղծելով երաժշտական գեղեցիկ երեկոյ մը:
Բացման խօսքը անդրադարձաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիմնադրութեան 150- ամեակին, ապա երաժշտահան Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 90-ամեակին, նաեւ ջերմ շնորհակալական խօսքեր ուղղուեցան խմբավար Զաքար Քէշիշեանին, դաշնակահար Լիանա Յարութիւնեանին եւ ամբողջ աշխատակազմին ու անդամներուն, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, բարերարներուն եւ ծնողներուն:
Յայտագիրը սկսաւ Շարլ Ազնաւուրի երգերով, ապա շարունակուեցաւ Ռուբէն Հախվերտեանի հիասքանչ երգերու շարքով` սրինգի ընկերակցութեամբ: Երգչախումբին միացաւ ժողովրդական նուագախումբը` ներկայացնելով «Կենաց երգ», «Հոյ նազան եար», «Էրզրումի շորոր», «Սրտիկ մալուլ մի մնա», «Կռունկներ», «Իրիկնային», «Իմ աղէկ» եւ «Հազարաթ եւ Հայաստան» երգերը:
Պիթըլզի երգերով շարունակուեցաւ ելոյթը, որուն աւարտին բուռն ծափահարութիւններով եւ ծաղկեփունջերով գնահատուեցաւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան, որ խանդավառելով հանդիսատեսը կամուրջ մը ստեղծեց ժողովուրդին եւ երաժշտութեան միջեւ:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: