Քեսապահայերը պարտաւոր են լաւատես ըլլալ

«Հայերն այսօր»-ին  Քեսապի «Սուրբ Միքայէլ» կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, հոգեւոր հովիւ Հայր Նարեկ վարդապետ Լուիսեանը կը գրէ.

Երկու տարի առաջ՝ 21 Մարտ 2014-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թուրքիոյ տարածքէն Սուրիոյ վարչակարգի հակարակորդ զինեալ խմբաւորումներու՝ Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերուն ուղղութեամբ կատարած լայնածաւալ եւ բուռն յարձակման հետեւանքով, շրջանի հայ բնակչութեան հետ ստիպողական տեղահանումի ենթարկուեցայ դէպի Լաթաքիա: Մօտաւորապէս 1500 անձ, անվտանգ կրցանք ապաստանիլ Լաթաքիոյ Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ զոյգ սրահներուն մէջ: Քեսապը եւ Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալը առաջին անգամ չէ որ կը մատնուի նման արհաւիրքի, սակայն Քեսապցիք միշտ ալ կրցած են ոտքի կանգնիլ հարուածներէն եւ վերաշինել իրենց հայրենի բնակավայրը: Վերջին մօտ հարիւր տարուան պատմութեան մէջ, այս իմաստով կ՛առանձնանան երեք թուականներ: Քեսապը ծանր կորուստներ կրեց 1909 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Կիլիկիոյ հայերու կոտորածին ընթացքին, մինչեւ 1915-ին, նոյն Թուրքիոյ կառավարութեան հրամանով անոր բնակչութիւնը եւս տարագրուեցաւ դէպի Տէր Զօրի եւ Յորդանանի անապատները, ուր նահատակի մահով ինկան շուրջ 5000 Քեսապցիներ՝ հայկական ցեղասպանութեան միւս զոհերուն հետ միասին: Իսկ 1939-ին, Քեսապ յաջողեցաւ զերց մնալ Քեմալական Թուրքիոյ նկրտումներէն եւ պահպանուեցաւ Սուրիական Հանրապետութեան սահմաներուն մէջ, մինչ Ալեքսանտրի սանճաքը, ուր կը գտնուէին նաեւ Մուսա լերան-Սուէտիոյ հայկական բնակավայրերը, Թուրք-Ֆրանսական համաձայնութեամբ կցուեցան Թուրքիոյ: Այդ իրագործումին մէջ մեծապէս դերակատար եղան Ֆրանսայի հայկական համայնքը, Երջանկայիշատակ՝կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը իր լուռ բայց խիստ ազդու միջամտութիւններով, եւ նոյնինքն Հռոմի Պապը, որ ի գործ դրաւ իր ամբողջ հեղինակութիւնը՝ Քեսապը Թուրքիոյ չյանձնելու համար: Քեսապը հայկական սփիւռքի եւ ամբողջ հայութեան համար ունի անզուգական կարեւորութիւն: Քեսապի հողն ու ջուրը, Քեսապցիներու աւանդադրոշմ հայկական ընտանիքներն ու ազգային-կրթական եւ եկեղեցական կառոյցները հայութեան նուիրաբերած են բազում գործիչներ, բոլոր բնագաւարներուն մէջ, որոնք պարծանք բերած են ամբողջ հայութեան եւ օրինակելի մարդիկ ու քաղաքացիներ եղած են իրենց ապրած բոլոր երկիրներուն մէջ: 15 Յուլիս 2014-ին Քեսապը՝ իր բոլոր հայկական գիւղերով ազատարգրուեցաւ ու Քեսապցիները վերադարձան իրենց հայրենի գիւղերը, որուն կապուած են բազմահարիւր տարիներէ ի վեր, սակայն տուները եւ վարժարանները քանդուած գտանք իսկ եկեղեցիները հրկիզուած եւ պղծուած:Սոյն թուականէն ի վեր Քեսապցին կը տնկէ նոր այգի՝ աւերուածին տեղ, կը վերանորոգէ իր քանդուած տուները, վարժարանները, եկեղեցիները եւ ակումբները որպէսզի վերածնի հայ կեանքը այնտեղ աւելի պայծառօրէն , Հայկական Կիլիկիայէն հայութեան մնացած այդ վերջին բեկորին վրայ:

6

Նախ հպարտութեամբ արձանագրենք, որ հակառակ 5-ամեայ տագնապին, հակառակ հայութեան համար լարուած որոգայթներուն քեսապը իր հայութենէն պարպելու, այսօր, հակառակ շարունակուող պատերազմին, անապահովութեան, դռնամերձ (Թուրքիա) սպառնալիքներուն, յամեցող տնտեսական տագնապին, քեսապահայութեան 85 առ հարիւրը վերադառձած է տուն, ու կառչած գիւղին: Նախապէս ալ նշած էինք, որ համեստ թիւ մը կը բնակին Լաթաքիա, Լիբանան եւ Հայաստան, սակայն ափսոսանքով կ’արձանագրենք որ փոքր թիւ մը (երկու տասնեակի շուրջ) լքելով գիւղը, մեկնած են հիւսիս, հատկապէս Գանատա… ի՞նչ փնտռելու (Այ գիժ հայեր ինչ էք փնտռում հիւսիսում): Խումբ մը երիտասարդներ ուսումնական, զինւորութեան թէ այլ պատճառներով մեկնած են: Ոմանք կարծես անվերադառձ: Տնսեսական երկամեակը բաւական դժուար էր: Վերադարձի ամիսներուն մինչեւ 2015-ի ամանորը, ժողովուրդին տրուած բարոյական, կենցաղային եւ այլ նպաստները, ազդակ դարձան որ յուսահատութիւնը բոյն չդնէ սրտերուն մէջ: Գնուեցան սակաւաթիւ երկրագործական գործիքներ, որոնք ցարդ կը գործածուին համագործակցականներու նման, փոխն ի փոխ: Այդ ամառ, վարակներէն վնասուած բերքը, որոշ չափով առատ էր, ինչ որ նեցուկ հանդիսացաւ, որ կամքով լի մնայ ժողովուրդը, եւ գիւղը չլքէ, այլ աշխատեցաւ զայն վերականգնելու: Սակայն այդպէս չեղաւ, 2015-ի բերքը, որ սակաւ ըլլալով, ենթարկուեցաւ բնութեան քմայքին (կարկուտ): Սակայն այսօր, գարնան շէմին, ծառերուն, պարտէզներուն պատկերը յուսատու է, որ կամօքն Աստուծոյ, բերքը բաւարար ըլլալու է: Դպրոցները, 4 նախակրթարան եւ 2 միջնակարգ-երկրորդական կը գործածեն անխափան: Հաւատքի եւ լոյսի օճախները, որոնք փառքն են այս գիւղին, կը շողան հոգիի եւ մտքի լոյսերով:

2

Շուկան, որ բազկերակն է գիւղին, վերադարձի առաջին ամիսներուն, կը հաշուէր  քանի մը վաճառատուն: Այսօր, աւելի քան տասնեակ մը (անցեալի հարիւրեակին դիմաց), վաճառատուներ կը գործեն: Նախկին արհեստանոցներուն հազիւ մէկ չորորդն է, որ կը գործէ: Քանդուած բնակարաններուն մեծամասնութիւնը վերանորոգուած են. Նոյն ատեն նշենք թէ քեսապցիք տակաւին շատ հեռու են իրենց կորսնցուցածը վերագտնելու: Քեսապի ժողովրդային սառնարանի ընկերութիւնը, ժողովուրդին եւ մեր հեռաբնակ եղբայրներուն նեցուկով, առաջին իսկ ամառը, բանեցաւ, իր կողոպտուած գործիքներուն փոխարէնը համալրելէ ետք, թէկուզ իր ծաւալին մէկ հինգերորդ համեմատութեամբ: Երկրիս վատթար տնտեսութեան բերումով, քեսապի գիւղատնտեսական կարգ մը արտադրանքներուն գիները մեծ անկում կրած են, մինչ, հակավարկային դեղերը եւ պարարտանիւթերը տարապայման սղած են: Սուղ գիներ կ’արձանագրեն նաեւ կարգ մը այլ մթերքներ, ընդեղէն, հացահատիկներ, յատկապէս նահանգ է նահանգ փոխադրութեան գրեթէ անհնարութեան պատճառով: Անշուշտ սուրիական դրամանիշին՝ թղթոսկիի՝ գնողական արժէքի անկումը կ’անդրադառնայ Սուրիոյ ամբողջ բնակչութեան գնողական կարողութեան վրայ: Անցեալին, Քեսապ, գիւղատնտեսութեան կողքին յենած էր զբօսաշրջիկութեան ոլորտին: Վարձու տրուած տուներուն ապահոված եկամուտը յաւելեալ նեցուկ մըն էր գիւղացիին: Այժմ այդ կառոյցները պարապ կը մնան ամառ ու ձմեռ: Նոյնպէս ամայի են հիւրանոցները, պանդոկները իսկ ճաշարանները փակ: Կը գործեն 1 հիւրանոց, եւ երկու ճաշարան: Վարելանիւթի եւ ներածուած ապրանքներու երեւակայական գիները, կը մաշեցնեն բնակչութեան քսակները: Միայն մէկ օրինակ տալու համար, խոտ հնձելու՝ նայլոնէ շինուած թելի կծիկը 600 ս.ո.-էն բարձրացած է 3000 ս.ո.-ի, մինչ խնձորին (քեսապի արտադրութեան 65%-ը) արժէքը անկում արձանագրած է (միջին 125 ս.ոսկիէն՝ 85-90 ս.ոսկիի, արտածումի անհնարութեան պատճառաւ): Հրաշքի համազօր է, որ տակաւին սուրիական թղթոսկին կը տոկայ, եւ պետութիւնը, խաղաղ կամ նոր խաղաղած շրջաններուն մէջ կը պահէ, ընկերվարական բնոյթ ունեցող տնտեսական ենթակառոյցները, քանդուածը վերաշինելով, իր նեցուկը բերելով հացի, շաքարի, բրինձի, վառելանիւթի եւ կարգ մը այլ կենցաղային նիւթերու գիներուն եւ նոյնիսկ երբեմն տնտեսական նոր հաստատութիւններ հիմնելով:

Քեսապի մխիթարական միւս երեսը, միութենական կեանքի պատկերն է: Սկսած են անխափան գործել յարանուանական կիրակնօրեայ վարժարաններն ու միութիւնները: Կը գործեն Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» եւ «Գետաշէն» մասնաճիւղերը: Կը գործէ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը, որ շուտով իր թատերախումբով բեմ պիտի բարձրացնէ թատերական կտոր մը: Կը գործէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քեսապի մասնաճիւղը: Կը գործեն Ս.Ե.Մ.ի երիտասարդական թէ Պատանեկան մասնաճիւղերը: Կը գործէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Քեսապի մասնաճիւղը: Մտաւոր, դաստիարակչական եւ հոգեկան կեանքի աշխուժութիւնը միայն կրնայ հոգիները խայտացնել: Քեսապ կայք հաստատած զօրքը, որքան որ հպարտութիւնն է ժողովուրդին, իր զինուորագրուած զաւակներուն ի տես, սակայն նոյն ժամանակ մտահոգութիւն կ’առթէ, հաստատելով որ տագնապը ցարդ չէ աւարտած, հակառակ այն իրողութեան, որ նահանգը համարեայ վնասազերծուած է ահաբեկչական խումբերէն:

1

Վարելանիւթի գիներուն մագլցումին ի տես, գիւղացիք եւ զօրքը այս տարուան մեղմ եւ անգեալ տարուան ցուրտ ձմեռը տաքցուցին, տագնապի առաջին 3 տարիներուն՝ նենգաբար հրկիզուած անտառներու՝ խանձուած փայտի օգտագործումով: Թէեւ գտնուեցան մարդիկ, որոնք իրենց «քիթերուն չդրին» դիւրավար ու խանձուած մայրիի անառի փայտը եւ սղոցեցին կաղնի կամ փշկաղնի, երկարամեայ դալար ծառեր, բնութեան բաժին հանելով «Սուրիական տագնապի» ալեկոծած պատուհասներէն:

Քեսապցիք անցնող երկու տարուան ընթացքին արձանագրած են 10 ծնունդ, որուն դիմաց մօտ 30 մահ ու նաեւ 15 պսակ, ամուսնութիւն: Սակայն այս ամէնուն չափ եւ ալ աւելի կարեւոր է ապահովութեան իրավիճակը: Կրկնելու գնով կ’ընդգծենք. Թուրքիոյ հարեւանութիւնը, անապահովութեան իրողութեան փաստն է: Հայութեան համար դարաւոր եւ դաւադիր թշնամի է ան, որքան որ հայութիւնը, իմա քեսապահայութիւնը խաղաղասէր ըլլայ: Վկայ, Ատանայի կոտորածը եւ քեսապցիներու աւելի քան 160 կորուստները, տեղահանութիւնը, թալանը եւ տուներուն հրկիզումը (1909ին): Վկայ, Մեծ Եղեռնի կոտորածը 1915ին, որ (կուլ տուաւ) քեսապահայութեան 3/4ը (8500 միայն 2300ը վերապրեցան): Վկայ, 2014ի Մարտ 21ի տեղահանութիւնը նիւթական կորուստներ եւ մահեր: Քեսապ, ժողովուրդի վերադարձէն ի վեր քանիցս ենթարկուեցաւ զինեալ հրոսակային ջարդարար խումբերու արձակած հռթիրներու տարափին, որուն վերջինը՝ Յունուար 20ին, երկուքը պայթեցան գիւղին մէջ, իսկ մին բնակարանէս 30 մէթր անդին, ջարդելով մեր դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները: Բարեբախտաբար, հռթիրներուն մեծ մասը պայթեցան լեռներուն վրայ, առանց նիւթական եւ կեանքի վնասներ պատճառելու: Շուրջ երկու տարի, գրեթէ ամէն օրեայ հերթականութեամբ ականջալուր եղանք գիւղիս բարձրունքներուն տեղակայուած թնթանոթներու եւ հրասայլերու արձակած ռումբերու ձայներուն: Մեր լսողական բնազդը «զարգացում» արձանագրելով սկսանք կռահել, թէ որ շրջանին վրայ կը տեղային այդ արկերը (ռոպէները եւ ակնթարթները հաշուելով):

3

Վերադարձէն մինչեւ այսօր, ապրեցանք եւ կ’ապրինք ջղապիրկ պահեր, թէ արդե՞օք այդ զինեալ վարձականներուն անգամ մը եւս թոյլ պիտի տա՞ր Թուրք դաւադիր պետութիւնը Քեսապը տեղահանութեան ու քանդումի ենթարկելու: Սուրիական պետութիւնը եւ անոր դաշնակցող պետութիւններն ու ոյժերը վճռակամ են արմատախիլ ընելու միջազգային ահաբեկչութիւնը, որուն նեցուկ կանգնած են Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ շարք մը խամաճիկ, վարձկան պետութիւններ: Այսօր, արդէն  քանի մը օր է ի վեր իբրեւ թէ հրադադար է, սակայն ո՛չ ահաբեկչական կառոյցներուն հետ, որոնց մեծամասնութիւնը դուրսէն եկած բազմացեղ ու մարդակերպ վարձկաններ են: Սուրիոյ, ազգային բանակը, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ նահանգի սահամններէն բաւական անդին շպրտեց այդ զինեալ խմբաւորումները: Համարեայ  քանի մը փոքր եւ սակայն Թուրքիոյ սահմանամերձ բնակավայր մնացած է զորս պէտք է վնասազերծել:

Այժմ թնթանօթը, հրասայլը մեր ականջին տակէն չէ որ կը գոռան, այլ աւելի անդինէն, հեռուէն ռազմագիտական բարձունքներու կամ հովիտներու վրայ բազմած, կը հրակոծեն թշնամիին դիրքերը:

Վերը արդէն յիշեցինք, թէ Լաթաքիոյ նահանգը գրեթէ վնասազերծուած է զինեալ ահաբեկչական խումբերէն: Բայց մեր հոգիներուն մէջ փոթորիկ կայ: Մեր հոգիները ցնցուած են եւ վիրաւոր: Թնթանօթը գոռաց (մօտ թէ հեռու)՝ կը մտահոգուինք: Ո՞ւր կը հարուածէ: Որքան ծանր է մարտը… Թնթանօթը լռեց… ինչո՞ւ… ի՞նչ պատահած է, արդե՞օք… արդե՞օք… ինչո՞ւ լռած է:

Կ’ըսուի թէ  քանի մը օր ետք, միջազգային գերպետութիւններու հսկողութեան ներքեւ վեհաժողով տեղի պիտի ունենայ սուրիացիներու, իշխանամէտ եւ իշխանամերժ հոսանքներու մասնակցութեամբ, քաղաքական պայքարով, ելք փնտռելու այս անօրինական տագնապէն: Սակայն, տակաւին 10 օր առաջ թրքական եւ Սէուտական խաւարային պետութիւնները սպառնալիք կը տեղացնէին Սուրիոյ գլխուն թէ ռամզական, ցամաքային միջամտութիւն պիտի կատարեն առանց նոյնիսկ դոյզն ուշադրութիւն կատարելու մեծ տէրութիւններու յորդորնեդուն եւ ապառնալիքներուն: Ով կրնայ երաշխաւորել սատանային դաւերուն աւարտը: Սակայն, ըլլայ Սուրիա, ըլլայ Քեսապը, ըլլայ Սուրիացին, Սուրիահայը եւ մանաւանդ Քեսապահայը, պարատաւոր են լաւատես ըլլալ: Այդ լաւատեսութիւնն էր, որ «ազատագրեց» քեսապը: Այդ լաւատեսութիւնն էր, որ տուն դարձուց բնակչութեան մեծամասնութիւնը: Եւ այդ լաւատեսութիւննէ, որ կը կերտէ ու կը պահէ հայրենիքը՝ Սուրիան ու Քեսապը:

 4

Scroll Up