ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Խօսնակ» Պաշտօնաթերթ. «Հայ Ժողովուրդին Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները» Խորագիրով Դասախօսութիւն

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին կազմակերպած մշակութային երեկոներուն ծիրին մէջ երէկ` ուրբաթ, 18 մարտ 2016, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ  «Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները» խորագիրով դասախօսական երեկոյ մը, որուն հիւր բանախօսն էր` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան եւ դեսպանատան քարտուղար Դաւիթ Միրզախանեան, միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան եւ մշակութային յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Առնէլեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ մշակութային երեկոները սովորաբար յագեցած կ՛ըլլան ազգային շունչով եւ ընդհանրապէս կ՛արծարծեն հասարակութիւնը յուզող հրատապ հարցեր: Ապա նշեց, թէ օրուան բանախօս` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին լաւագոյն անձն է, որ կրնայ «Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները» նիւթով հանդէս գալ եւ լուսաբանել հայ հասարակութիւնը: Իսկ իր խօսքի աւարտին Մարալ Առնէլեան ըսաւ. «Հիմնուելով Յ. Բագրատունիի ունեցած փորձառութեան վրայ` իբրեւ ազգային դէմք, հասարակական գործիչ եւ ազգային մտահոգութեանց մօտէն ծանօթ անձնաւորութիւն, կը յայտարարենք, որ ան իբրեւ պետական երեսփոխան լաւագոյնս կը պաշտպանէ լիբանանահայ գաղութին շահերը` գործակցելով այլ հայ ներկայացուցիչներու հետ եւ գնահատուելով բոլորէն»:

Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին Նանօր Մաճարեան, Նայիրի Քէպէճեան եւ Թամար Յովհաննէսեան, որոնք դաշնակով մեկնաբանեցին երաժշտական կտորներ, իսկ Թուխիկ Աւետիսեան ապրումով ասմունքեց Համբիկ Մարտիրոսեանի «Իրաւունք չունիս» ոտանաւորը:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս` պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, ապա նիւթին ակնարկելով ըսաւ, թէ կարելի չէ կարճ ժամանակի մը ընթացքին ներկայացնել հայ ժողովուրդի մարտահրաւէրները, որովհետեւ թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքեան գաղութներու իւրաքանչիւր շրջան ունի իր իւրայատկութիւնները, ազդուած է տուեալ շրջանի առարկայական պայմաններէն եւ արդիւնք է ենթակայական տուեալներուն: Միաժամանակ ան դիտել տուաւ, որ կան ընդհանրական մարտահրաւէրներ, զորս իբրեւ ազգ կը դիմագրաւենք եւ որոնց նկատմամբ պարտաւոր ենք ունենալ միացեալ ներդաշնակ կեցուածք ու ճշդենք հասարակաց նպատակները, որոնց հասնելու համար ալ պէտք է քննենք մարտահրաւէրները` նկատի առնելով շրջաններու եւ ժամանակներու առանձնայատկութիւնները:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ առաջին ընդհանրական նպատակն է ապահովել հայութեան գոյութիւնը, եւ այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է պահել հայ լեզուն երկու ճիւղերով, հայ դպրոցը, հայ գաղութները: Անհրաժեշտ է այնպէս դաստիարակել հայ երիտասարդը, որ ապրի կիրքով` Հայաստանի նկատմամբ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ ներգրաւել կամայ-ակամայ հայութենէն հեռացածները, օտարացածները, իսլամացած ու իսլամացուածները: Ան կոչ ուղղեց բոլորին չշփոթելու արդիականացման եւ օտարացման միջեւ ու մանաւանդ հեռու մնալու եւրոպականացումէն: Ան նշեց, որ բոլոր պարագաներուն անհրաժեշտ է նպատակաուղղուած ներդրումներ կատարել բոլոր մարզերուն մէջ:

Երկրորդ մարտահրաւէրը ազատ, անկախ եւ ապահով Հայաստանի մարտահրաւէրն է, նշեց Յ. Բագրատունին: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի պետականութեան ամրացումը ամբողջական հայութեան պատասխանատուութիւնն է: Նորելուկ սերունդները պէտք է հպարտ զգան հայ բանակով ու զօրաւոր պետութեան մը քաղաքացի ըլլալով: Այս ծիրին մէջ երեսփոխան Բագրատունի կարեւոր նկատեց արտագաղթի երեւոյթի կասեցման եւ Արցախի բնակեցման խնդիրները:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ներկայացուցած երրորդ մարտահրաւէրը Հայ դատի լուծումն էր: Այս գծով ալ ան Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին կողքին անհրաժեշտ նկատեց Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան հարցը, հողերու եւ իրաւունքներու վերադարձը: Ան զգուշացուց նոր դիմակ դրած Թուրքիայէն, որ ուղղակի անցած է հակայարձակումի: Այս մարտահրաւէրը կը պահանջէ, որ համայն հայութիւնը ըլլայ զգօն, ցուցաբերէ դիմացկունութիւն եւ դիմադրողականութիւն, Հայաստան-սփիւռք կապերը ալ աւելի ամրապնդուին, եւ հայութեան բոլոր հատուածերը սեղմ կապերով գործակցին Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւններուն հետ:

Յ. Բագրատունի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պահպանումը նկատեց չորրորդ մարտահրաւէրը եւ ըսաւ, թէ հայութիւնը առանց հայ եկեղեցւոյ չի կրնար իր գոյութիւնը շարունակել: Աշխարհով մէկ տարտղնուած ժողովուրդը միշտ ալ կարիքը ունի հոգեկան սնունդի, միւս կողմէ` հայ եկեղեցին պարտաւոր է ներկայ ժամանակներու ոգիին հաղորդ կղերական պատրաստել, դէպի ժողովուրդ գացող կղերական պատրաստել: Հայ եկեղեցին պէտք է ժողովրդականանայ եւ հասանելի դառնայ հասարակութեան բոլոր խաւերուն, բոլոր տարիքներուն, դիտել տուաւ Յ. Բագրատունի, ապա եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, թէ Հայաստանի պետութիւնը, նուիրապետական աթոռները, երեք յարանուանութիւնները, հայկական կուսակցութիւնները, միութիւնները, դրամատէրերը, մտաւորականներն ու արուեստագէտները, բոլորն ալ պատասխանատուութեան դիմաց կը գտնուին, եւ պէտք է այնպէս աշխատին, որ կարենան ներկայ հանգրուանին առաջնահերթութիւնները եւ զուգընթաց նպատակները ճշդել: Նոր ժամանակները հին ձեւերով պէտք չէ շարունակել, այլապէս գալիք սերունդները չեն ներեր մեզի:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Համբիկ Մարտիրոսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հայաբոյր ու հայաշունչ դասախօսութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմողներուն, ապա ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին տանելով յաղթանակներ, կրելով պարտութիւններ կրցած է ըսել ո՛չ սպառնալիքներուն: Ան ըսաւ, թէ երբ շատ են սպառնալիքները, պարտաւոր ենք նմանիլ սնդիկի, գործակցիլ բոլորին հետ եւ չձուլուիլ: Իր խօսքի աւարտին Համբիկ Մարտիրոսեան եւ ՀԲԸՄ շրջանային վարչութեան ատենադպրուհի Սիլվա Լիպարիտեան  «Խօսնակ» պարբերաթերթի խմբագրութեան կողմէ յուշանուէրով մը պատուեցին Յակոբ Բագրատունին` իբրեւ երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն:

 Ազդակ

Scroll Up