ՀԲԸՄ Վաչէ Եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանը Նշեց Իր Տասնամեակը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/0319vachetamarmanougian1.jpg)
Իր ծնունդէն ի վեր, հայ դպրոցը եղած է ու կը մնայ մեր ազգային գոյատեւման գլխաւոր խարիսխներէն մէկը: Նաեւ աւելցնենք այն հիմնաւորումը, թէ հայ դպրոցը առանց հայ աշակերտի ու յատկապէս առանց հայ ուսուցիչի՝ իմաստ մը պիտի չունենար: Կը գտնուինք այնպիսի պայմաններու տակ, որ նոյնիսկ սկսած ենք կորսնցնելու մեր ինքնութիւնը, մեր հաւատքը եւ մեր լեզուն: Համաշխարհայնացումը իր սարսափելի աւերները սկսած է գործելու եւ մեզմէ զոհեր խլելու: Այս վտանգաւոր եւ համայնակուլ աղէտին դիմաց, մեր աչքերը յարած ենք մեր դարերու մշակոյթին ու մեր փառքը պահպանելու կոչուած հայ դպրոցին, ուր հայ վարժարան եւ հայ ուսուցիչ՝ կողք կողքի, նոյնիսկ միաձուլուած, երկու ղեկավարներու նման, մեր ազգի անցեալն ու ներկան իրարու կապելով, հաստատ ու ապահով քայլերով հայ սերունդները դէպի նոր ապագայ կ՛առաջնորդեն:
Ահա այդ հայակերտումի եւ հայապահպանման կեդրոններէն մէկն է Ալթատինայի (Փասատինա) ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, որ կալա-պարահանդէսով մը նշեց իր հիմնադրութեան տասնամեակը:
Այսպէս, Շաբաթ, 12 Մարտ 2016ի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի «Փալատիօ» շքեղ սրահ-ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս ամէնօրեայ հայ վարժարանի ծննդեան առաջին տասնամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը:
Ձեռնարկին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողքին ներկայ էին ՀԲԸՄի փոխատենապետ Սինան Սինանեան, միութեան շրջանիս պատասխանատու Թամար Եագուպեան, վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Արմինէ Մովսէսեան, ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Յովհաննէսեան, նախկին տնօրէն Յակոբ Յակոբեան, ազգային բարերար Վահէ եւ Վերոնիքա Կարապետեաններ, երկու վարժարաններու ուսուցչական կազմերը, միութիւններու եւ շրջանի հայ մամուլի ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտներ, զոյգ վարժարաններու աշակերտներ, ծնողներ եւ աւելի քան երեք հարիւր հիւրեր։
Ձեռնարկի սկիզբի ընկերային պահէն ետք, օրուան հանդիսավար Ճիլ Սիմոնեան (պատկերասփիւռի «CBS-2» կայանէն ամէն Չորեքշաբթի, կ.ե. ժամը 5ին սփռուող ծրագիրի վարող) իր բարի գալուստի, շնորհակալական եւ երախատագիտական հակիրճ խօսքերէն ետք հրաւիրեց վարժարանի երգչախումբը, որ հայկական ժողովրդական հինգ երգեր հրամցուց՝ ղեկավարութեամբ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցիչ Պարթեւ Կիւլիւմեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Էլմիրա Սիմոնեանի: Նաեւ, երեք աշակերտուհիներ անգլերէն մեներգով մաս կազմեցին յայտագիրին:
Ամերիկեան, հայկական եւ ՀԲԸՄի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, սրտի խօսքով երկլեզու ելոյթ ունեցաւ տնօրէնուհի դոկտ. Մովսէսեան, որ նախ վեր առաւ հայ վարժարանի դերը եւ ապա երախտագիտութեամբ յիշեց Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի գաղափարին ծնունդ տուող ՀԲՄԸի ճիգն ու տեսլականը՝ մեծապէս գնահատելով այդ գաղափարի բարերար ամոլը, ինչպէս նաեւ վարժարանի նախկին տնօրէն ու օրուան մեծարեալ Յակոբ Յակոբեանը. ան նաեւ գնահատեց ծնողներուն զոհաբերութիւնը, վստահութիւնը եւ անսակարկ աշխատանքը: «Այսօր, այս երեկոն, արդիւնքն է հաւաքական այն աշխատանքին, որ ամբողջ տասնամեակ մը տարուած էր արդարօրէն», ամբողջացուց տնօրէնուհին:
Իր կարգին, առաջնորդ Յովնան սրբազան Տէրտէրեան հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց եւ ապա հրաւիրեց բոլորը, որ Տէրունական աղօթքով շարունակեն ձեռնարկը: Իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը բարի յիշեց վարժարանի բոլոր բարերարները եւ յատկապէս երեկոյին ներկայ գտնուղ Կարապետեան ամոլը, եւ յարատեւութեան ու յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց ներկաներուն եւ մանաւանդ՝ աշակերտութեան:
Յանուն ՀԲԸՄի մեծ ընտանիքին, փոխատենապետ Սինան Սինանեան նախ յիշեցուց, թէ վարժարանի հիմնադրութեան այս տասնամեակը ինքնին հպարտութիւն առթող երեւոյթ մըն է: Ան յիշեց նաեւ վարժարանի բարերար ամոլին ունեցած հաւատքը՝ հանդէպ հայ դպրոցին, ինչպէս նաեւ բարի յիշեց հանգուցեալ Գառնիկ Գարայեանի անունը, որ դպրոցի հիմնադրութեան գաղափարի ջատագովներէն եղած էր: Սինանեան, այս առթիւ, կրկին անգամ գնահատեց նախկին տնօրէն Յակոբ Յակոբեանի տարած աշխատանքը, անոր երեսուն տարիներու վրայ երկարող հայ դպրութեան ծառայութիւնը, ապա երախատգիտութեամբ արտայայտուեցաւ վարժարանի շրջանաւարտներուն եւ անոնց ծնողներու զոհաբերութեան մասին:
Այնուհետեւ, փոխատենապետ Սինանեանն ու սրբազան հայրը նախկին տնօրէն Յակոբեանի յանձնեցին յիշատակելի գնահատագիր մը, առ ի երախտագիտութիւն իր ցարդ տարած աշխատանքին: Իր կարգին, օրուան մեծարեալը բեմ հրաւիրուելով նախ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ ՀԲԸՄի փոխատենապետ Սինան Սինանանի եւ բոլոր հին ու նոր բարերարներուն մասին՝ ըսելով, թէ այս երեկոյի խորհրդանիշն է «Յաղթանակի Տասնամեակ», որ բոլորին միացեալ ու հաւաքական ճիգով՝ հասած է արժանավայել իր դիրքին: Ան նաեւ յայտնեց, թէ «2006 Սեպտեմբեր 12ին, 56 աշակերտ-աշակերտուհիներով իր դռները բացած այս վարժարանը, մինչեւ այսօր տուած է 40 շրջանաւարտներ, իսկ ներկայիս իր աշակերտութեան թիւն է 168»:
Յանուն Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչի, Արա Գըլըճեան յատուկ գնահատագիր մը յանձնեց մեծարեալ Յակոբ Յակոբեանին: Ապա, այս առթիւ պատրաստուած տասնամեակի կարկանդակը հատեց սրբազան Յովնան արք. Տէրտէրեան՝ ընկերակցութեամբ փոխատենապետ Սինան Սինանանի, օրուան մեծարեալ Յակոբ Յակոբեանի եւ դպրոցի 40 շրջանաւարտներուն։
Երեկոն խանդավառեցին երգիչներ Միսթըր իքսն ու Սուփըր Սագօն: Ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ լուռ վաճառք, եւ ցուցադրուեցաւ վարժարանի անցած տասը տարիներու պատմութիւնը ամփոփող պատկերներէ պատրաստուած տեսաերիզ մը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահէն ներս:
Մեր կարգին, հաւատալով հայ վարժարանի սրբազան եւ գերագոյն առաքելութեան՝ յարատեւութեան եւ բարգաւաճման բարի մաղթանքներ կը հասցէագրենք պատասխանատուներուն, որովհետեւ բոլորին նման մե՛նք եւս կը հաւատանք, որ հայ վարժարանին մէ՛ջ է մեր անցեալը, մեր մաքառող ներկան ու մանաւանդ՝ յուսադրիչ ապագան:
Բարի՛ երթ բոլորին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
http://asbarez.com/