Նահատակ Հերոսներու Յիշատակը Կը Յարգուի Յատուկ Հանդիսութեամբ

Անցեալ Կիրակի, 13 Մարտին, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ հերոսներու յիշատակը ոգեկոչող հանդիսութիւն մը:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կուսակցութեան հիմնադրութեան 125ամեակին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկին, ներկաները սրահին մուտքին առիթը ունեցան խոնարհելու նահատակ հերոսներու նկարներուն առջեւ, որոնց դիմաց վառուած մոմեր շարուած էին:

Օրուան հանդիսավարն էր յայտնի մանկավարժ, Շամլեան Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն, հասարակական գործիչ Վազգէն Մատէնլեան:

Իր բացման խօսքին մէջ Մատէնլեան ըսաւ. «Աւելի քան 125 տարիներու վրայ երկարող իր գոյութեան ընթացքին ՀՅԴ զոհած է իր լաւագոյն զաւակները՝ մեր ազգային ազատագրական պայքարի արիւնոտ ճանապարհին վրայ։ Արդարեւ, սկսած Օսմանեան պետութեան ու անոր ձեռքին մէջ խաղալիք դարձած քիւրտ աշիրեթներու ու աւելի ուշ, երիտթուրքեորւ կառավարութեան հարստահարումներէն ու ջարդերէն մինչեւ Ցարական Ռուսիոյ կողմէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ոտնակոխումներն ու շղթայազերծած հալածանքները, հայ-թաթարական պատերազմը, իսկ աւելի ուշ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերը՝ բիւրաւոր եղած են մեր նահատակները, որոնք առանց իրենց կեանքը սակարկելու՝ նուիրաբերեցին ամէ՛ն, ամէ՛ն ինչ՝ ի սէր մեր ազգին։

Տակաւի՛ն Փետրուարեան ապստամբութեան ընթացքին հայանուն կայեններու կացինի հարուածներուն տակ խոշտանգուած դաշնակցական գործիչները կու գային աւելցնելու թիւը ազատութեան ճանապարհին վրայ ինկած մեր զոհերուն։

Աւելի ուշ՝ Սփիւռքի մեջ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, երբ անարգ ձեռքեր կը փորձէին ճնշել ու հարուածել հայ զանգուածները, հին օրերու ֆետայիներ նոյն խիզախութեամբ կը նետուէին կռիւի դաշտ՝ պաշտպանելու համար հայու կեանքն ու արժանապատուութիւնը։

Նոյն օրերուն ահաւոր մարտերը բաժան-բաժան ըրած էին հայ ընտանիքներ՝ մեր տղաքը, մեր «խենթերը» անվարան կը նետուէին կրակներու մէջ ու փամփուշտներու եւ ռումբերու տարափին տակ հաց ու ջուր կը հասցնէին մեր հայրենակիցներուն ու մէկ կողմէ միւսը կ՛անցընէին տարտղնուած հայ ընտանիքներու անդամներ։

80ական թուականներուն՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենացաւալի ու ձեւով մը ամօթալի օրերը եղան, երբ ոճրագործ ձեռքեր, որոնց կարգին հայանուն վարձկաններ, կ՛առեւանգէին ու կ՛ահաբեկէին մեր ղեկավար ընկերները՝ որոնց շարքին Աբօ Աշճեան, Սարգիս Զէյթլեան, Սարգիս Ազնաւուրեան, Լեւոն Պէրպէրեան, Վարդգէս Տ. Կարապետեան եւ ուրիշներ։ Ու չմոռնանք մեր Լիզպոնի աննման տղաքը ու մեր օրերու վռիժառու բազուկները։

Եւ վերջապէս՝ Արցախեան պատերազմին քիչ չեղաւ թիւը մեր ընկերներուն՝ Թաթուլներու, Բաշխեաններու, Սիմոն Աջիկոզեաններու ու շատերու, որոնք եղան թէժ մարտերու առաջին զոհերէն։ Բաւարար է այսօր այցելել Եռաբլուրի գերեզմանը ու հաշուել նահատակ ազատամարտիկներու շիրիմներուն վրայ Դաշնակցութեան զինանշանը՝ գաղափար մը կազմելու Շուշիի, Գելբաջարի ու Խոջալուի ազատամարտերու ընթացքին ինկած մեր ընկերներու թուաքանակին մասին։

Այսօր հաւաքուած ենք ոգեկոչելու մեր նահատակ ընկերներու յիշատակը եւ յայտարարելու, որ մենք զիրենք չենք մոռցած։ Այսօր մեր մէջ են մեր նահատակներէն շատերու ազգականներն ու պարագաները։ ՀՅԴ ժլատ է իր ընկերները իրենց ողջութեան պարգեւատրելու։ Այս սովորութիւնը մաս կը կազմէ մեր աւանդական մշակոյթին։

Բայց Դաշնակցութեան համար իր նահատակները՝ սկսեալ պարզ մարտիկէն մինչեւ ղեկավար ընկերը, Սրբութեան Սրբոց են»։

Մատէնլեան ապա բեմ հրաւիրեց Թուխման Խաչատուրեանը, որ կատարէ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ ՀՅԴի քայլերգները:

Ապա տէր Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան ու տէր Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին ի յիշատակ հայրենիքի ու ազգի համար նահատակուած հերոսներուն:

Յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ Քրիստափոր Արապեան, որ իսկապէս վայելուչ ներկայութիւն է բեմին վրայ:

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խօսքը փոխանցեց Դաւիթ Առաքելեան (խօսքը ամբողջութեամբ հրատարակած ենք մեր երէկուան թիւով, «Օրը Օրին» սիւնակիով):

Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ վաստակաւոր խմբավար, երաժիշտ Նորա Պայրամեան-Ռումեանի, կատարեց հայրենասիրական երգերու շարք մը, արժանանալով ներկաներու խանդավառ գնահատանքին:

Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, որուն խօսքը ամբողջութեամբ ներկայացուցած ենք մեր այսօրուան թիւով («Օրը Օրին» սիւնակը):

Երեկոն աւարտեցաւ Քրիստափոր Արապեանի կողմէ «Արիւնոտ Դրօշ» երգով:

Scroll Up