Ծաղկազարդ Քուէյթի մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/1930640_1664192587179672_3995562079600304319_n.jpg)
Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին՝ ինչպէս միշտ, այսօր ալ շատ նեղ եւ փոքր երեւցաւ համայնքի անդամներուն, որոնք հանդերձ ընտանիքով, փոքրիկներու գունագեղ հագուստներով, աճապարած էին հասնիլ եկեղեցի, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մէջ տեղ ապահովելու համար: Ծաղկազարդ է՝ Ծաղկազարդ:
Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, մատուցեց հանդիսաւոր սուրբ պատարագը եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց ըսելով. « .. Անոր Երուսաղէմ մուտքը թէեւ յաղթական էր սակայն պարզ ու խոնարհ նկարագիր ու խորք ունէր: Ին՜չ սքանչելի տեսարան: Աստուած իր փառքէն կը խոնարհի մարդուն բարձրացումին համար: Քրիստոս խոնարհութեամբ իր թագաւորութիւնը հաստատեց: .. Վերջապէս Քրիստոս, Իր յաղթական Երուսաղէմ մուտքով, Աստուծոյ տաճարը մաքրեց եւ հոն արտասանեց իր նշանաւոր խօսքերէն մին «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի»: Հետեւաբար այսօր նաեւ մաքրուելու օր է: Մեր հոգեւոր տաճարները մաքրելու եւ Տէրը դիմաւորելու օրն է: .. Այսօր սիրելի հարազատներ, որպէս այս եկեղեցւոյ զաւակները, անգամ մը եւս, նոյն խոնարհութեան ու ծառայութեան ճամբով կը նորոգուի մեր ուխտը, կատարելու մեր լաւագոյնը հանդէպ մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքին: Այո, մենք տակաւին մեր առջեւ ունինք մարտահրաւէրներ, սակայն մեր ծառայութեան, միակամ ու հաւաքական աշխատանքին ու յատկապէս մեր հաւատքին դիմաց, անոնք նուաճելի կը դառնան, ինչպէս որ մեր Տէրը խոնարհութեամբ ու ծառայութեամբ նուաճեց մարդոց սրտերը .. »:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Հայր սուրբը գլխաւորեց Ծաղկազարդի թափորը, որուն՝ Դպրաց Դասի կողքին, մաս կազմեցին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները, ներկայ փոքրիկներն ու անոնց ծնողները եւ վերջապէս բոլոր հաւատացեալները:
Անկէ ետք՝ տարիներու սովորութեան համաձայն, եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի յատուկ ճաշկերոյթը: Հալէպահայ երգիչ Կարօ Տատաղլեան եւ Երեւանցի երգեհոնահար Արտաշ, մաս կազմեցին Տիկնացի պատրաստած գեղարուեստական ճոխ ծրագրին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ: Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ եւ առատ նուէրներով բեռնաւորուած վերադարձան իրենց բնակարանները, այս անգամ օրուան գեղեցիկ յիշատակի նկարները տեղադրելու համար «Դիմատետր»ի էջերուն վրայ: Իսկապէս հաճելի ու յիշատակելի օր մըն էր:
«Ք»Քուէյթ, 18 Մարտ 2016