Հռոմի Պապը Հնարաւոր Է Հայաստան Այցելէ Յունիսի Երկրորդ Կէսին, Կը Յայտնէ Վատիկանը

Յայտնի  դարձած են Հռոմի պապի հայաստանեան այցի աւելի ստոյգ ժամկէտները: «Ֆրանչիսկոս պապի` Հայաստան այցի աւելի հաւանական ժամկէտը Յունիսի երկրորդ կէսն է»,- armradio.am-ի փոխանցմամբ` այսօր ըսած է Վատիկանի մամլոյ խօսնակ Ֆետերիքօ Լոմպարտին` աւելցնելով, որ վերջնական ժամանակցոյցը դեռեւս ճշդուած չէ:

«Դեռեւս վերջնական ծրագիր եւ ստոյգ ժամկէտներ չկան»,- իտալական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ` ըսած է Լոմպարտին:

Scroll Up