Մարզական Մրցոյթներ Նինոծմինտայի Դպրոցներուն Մէջ

Նինոծմինտայի քաղաքապետարանի մարզահամալիրին եւ քաղաքի թիւ 3 դպրոցի մարզադահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մարզական մրցոյթներ դպրոցականներուն միջեւ: Նինոծմինտայի քաղաքապետարանին մէջ որոշուած է իրականացնել չորս մարզաձեւերու մրցոյթներ` թենիսի, ֆութպոլի, վոլէյպոլի ինչպէս նաեւ վազքի, որոնք լայն տարածում ունին այստեղ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ akhaltskha.net կայք-էջէն:
Մարզական մրցոյթը դպրոցականներուն համար կ’իրականացուի Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութեան կողմէ: Մրցաշարերը կ’ընթանան Մարտ 16-էն 20: Առաջին օրուան իրականացուած մրցումներուն արդիւնքով Նինոծմինտայի №2 դպրոցի տղաներու վոլէյպոլի խումբը գրաւեց առաջին հորիզոնականը, իսկ աղջիկները` Փոքր Խանչալի գիւղի դպրոցի խումբը:
Օրոճալար գիւղի դպրոցի աղջիկներն ալ սեղանի թենիս մարզաձեւին մէջ ունեցան լաւ ցուցանիշներ: Տուեալ մարզաձեւին մէջ լաւ խաղ ցուցաբերեց նաեւ Ղուլալիս գիւղի տղաներու խումբը եւ գրաւեց առաջին տեղը: Մօտ օրերս պարզ կը դառնայ նաեւ ֆութպոլի եւ վազքի լաւագոյն խումբերու անունները, որոնք ալ հետեւաբար կը մասնակցին տարածաշրջանային փուլին: