Ռուսական Օդուժի Հեռացումը` Քաղաքական Նոր Մեկնարկ

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան կը գրէ.

Ռուսիոյ նախագահին որոշումը` օդուժը աստիճանաբար հեռացնելու Սուրիայէն, տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է. բնականաբար միանշանակ չեն վերլուծումները. իրենց ձեւին մէջ իսկ հակոտնեայ ընկալումներ կան որոշումին նկատմամբ. որոշ կողմերու համար յանկարծակի, ուրիշներու համար` ակնկալելի:

Պէտք է մտաբերել այն, որ պաշտօնական Մոսկուան ժամկէտային սահմանափակուածութեամբ բացատրած էր իր օդուժի ներգրաւման քայլը: Թէեւ յստակ ժամկէտներ չկային ռուսական օդուժի դուրս բերման ուղղութեամբ, այսուհանդերձ որոշ առաքելութիւն իրականացնելու միտուած ըլլալու եւ հետեւաբար ոչ երկարատեւ բնոյթի մասին էր խօսքը: Չմոռնանք նաեւ, որ շրջանին մէջ տարբեր գերտէրութիւններու օդուժի ներգրաւման գործողութիւնները եւս երկարատեւ բնոյթ չէին ունեցած: Օդուժը պատերազմներու ընթացքին, կարճաժամկէտ դրուածքով գործողութիւն կ՛իրականացնէ  եւ ընդհանրապէս նպաստիչ գործ կը կատարէ աւելի երկարատեւ ցամաքային ընդհանուր պատերազմին:

Հասկնալի են անշուշտ տեղեկատուական պատերազմին ընթացքին կիրարկուող օրինաչափութիւններուն համաձայն մէկ կողմէ կառավարական ուժերու եւ զանոնք հովանաւորող պետութիւններու ծայրայեղօրէն քաղաքականացուած արժեւորումները. ահաբեկչական խմբաւորումները յաղթանակ պիտի նկատէին ռուսական որոշումը, մինչ կառավարական կեդրոններ պիտի ողջունէին ռուսական գործօնի բերած նպաստն ու պատրաստած քաղաքական ենթահողը:

Հետաքրքրական է, որ առաջին պաշտօնական ողջունողները Պերլինն ու Թեհրանը պիտի ըլլային: Երկուքը ռազմաքաղաքական տարբեր ուղղութիւններու վրայ կը գտնուին սուրիական պատերազմի հարցով, եւ առ այդ` երկկողմանիութիւնը այս առումով կը յուշէ, որ ողջունուած բաժինը հանգոյցի ռազմական լուծումէն քաղաքական եղանակով լուծելու մօտեցումի ընդգծումն է:

Ռուսիոյ տնտեսական ճգնաժամի մէջ ըլլալու հիմնաւորումը կրնայ պատճառներէն մէկը ըլլալ, բայց ոչ գլխաւորը: Պատերազմները, ճիշդ է, հսկայածաւալ ծախս կ՛ենթադրեն, բայց նաեւ ճարտարարուեստ են: Ռուսիոյ դէմ կիրարկուող պատժամիջոցները այն աստիճանին չեն, որ ետ կանգնեցնեն ռուսական գործօնը աշխարհաքաղաքական նման հրատապութիւն ունեցող խնդիրի մը մէջ տիրական մասնակցութենէն:

Քաղաքական տրամաբանութեան եւ իրատեսութեան աւելի մօտ կը հնչէ Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ռուսական զօրքի (այս պարագային օդուժի) հեռացումը` ընտրութիւններու օրինականացման նպաստելու վարկածը:

Այս բոլորը սակայն տեղ մը երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենան:

Ռուսական օդուժի ներգրաւումը կամ ուղղակի այս աստիճանի մասնակցութիւնը չէր կրնար համաձայնեցուած չըլլալ Ուաշինկթընի հետ: Եթէ ընդունինք այս տրամաբանութիւնը, ապա կ՛ընդունինք նաեւ, որ հեռացումը եւս նոյն համաձայնեցուածութիւնը ապահոված էր:

Ռուսական օդուժի հեռացումը ամենեւին չի նշանակեր, ռուսական վերահսկողութեան չէզոքացում. ռուսական ռազմանաւերը սուրիական ջուրերուն վրայ են, եւ ամէն տեսակի ռուսական օժանդակութիւն կը շարունակուի այսօրուան վարչակարգին: Ուաշինկթընն ու Մոսկուան որոշ ծրագիրներու համար կը շարունակեն համադրել իրենց ռազմաքաղաքական ժամացոյցներու սլաքները:

Նորագոյն իրադարձութիւնը որոշ լոյս կը յաջողի սփռել այս առումով: Պարզ կը դառնայ, որ քիւրտերը պիտի յայտարարեն իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն վրայ դաշնային համակարգի ստեղծման մասին: Տարածքները պիտի կոչուին Հիւսիսային Սուրիոյ դաշնութիւն: Եզրին մէջ քրտական բառակապակցութեան բացակայութիւնը կը նշանակէ, որ այդ միաւորումին մէջ կը ներառուին նաեւ այլ ազգաբնակչութիւններ եւս:

Այս իրողութիւնը կրնայ նախանշել մօտ հեռանկարային իմաստով նոր Սուրիոյ մը ձեւաւորման սկիզբը: Բայց այս պարագային, խնդիրը կապելով ռուսական օդուժի հեռացման որոշումին, նոր գործընթացներու աշխարհաքաղաքական համաձայնեցուածութեան մասին է խօսքը:

Հրադադարը եւս համաձայնական էր. անիկա կը վերաբերէր նաեւ թրքական տարածքներէն Սուրիոյ մէջ քրտական յենակէտեր ռմբակոծելու արգելքին: Անգարայի մեծ պայթումին ի պատասխան, Թուրքիան Իրաքի քիւրտերը կը հրթիռակոծէր եւ լուռ կը մնար Սուրիոյ քիւրտերուն նկատմամբ:

Ռուսական օդուժի հեռացումը քաղաքական շրջադարձային փուլի մը նախասկիզբը կարելի է նկատել: Այդ գործընթացին մէջ կը ներառուի քրտական գործօնը, որ յայտնաբար կը վայելէ թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Մոսկուայի աջակցութիւնը: Այս գործընթացներէն անհանգիստ ըլլալու պատճառներ ունի Անգարան: Ի վերջոյ, փոխան իր առաջադրած անվտանգութեան գօտիին, ձեւաւորուելու ընթացքի մէջ է Հիւսիսային Սուրիոյ դաշնութիւնը:

Scroll Up