Վարչապետ Յարութիւնեան Հանդիպեցաւ Լիբանանցի Գործարարներու Հետ
Երէկ կէսօրէ ետք Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-քննարկում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի եւ լիբանանցի գործարարներու մասնակցութեամբ: Հանդիպումը վարեց Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Սապունճեան:
Վարչապետ Արա Յարութիւնեան բացատրութիւններ տուաւ Արցախի տնտեսական ներդրումային դաշտի իւրայատկութիւններուն մասին. լիբանանցի գործարարներուն մօտ ստեղծուեցաւ յատուկ հետաքրքրութիւն, եւ շատեր նկատեցին, որ պէտք է այցելեն Արցախ` մօտէն եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու այս առումով ստեղծուած պայմաններուն:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: