Արցախի Բարիքներու Ցուցահանդէս-Վաճառք Երեւանի Մէջ. տեսանիւթ

Ապրիլ 2-ին Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ Արցախի բարիքներու ցուցահանդէս-վաճառք կը նախատեսուի: «Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` այս մասին նշած է ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան Մարտ 11-ին վերամշակող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած պիտի ըլլան Արցախի արդիւնաբերողներու ապրանքատեսականին: ԼՂՀ փոխվարչապետի խօսքով` այն պիտի նպաստէ տեղական արտադրանքի իրացման նոր շուկաներուն մէջ:
Այս ծիրէն ներս Արթուր Աղաբեկեան կ’առանձնացնէ Մոսկուայի մէջ արցախեան տաղաւարի բացումը: Այս կերպ պետութիւնը կ’աջակցի վերամշակող ընկերութիւններուն:
Մանրամասները` Արցախ TV-ի տեսանիւթին մէջ: