«Հայ Տաղանդաւոր Աշակակերտը» մրցոյթին առաջին հանգրուանը

Կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան, Շաբաթ, 12 Մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի «Սիրան Մանուկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայ Տաղանդաւոր Աշակակերտը» մրցոյթին առաջին հանգրուանը: Լիբանանահայ վարժարաններէ եկող շուրջ 50 աշակերտ-աշակերտուհիներ հայկական մշակոյթին հետ առնչուող հինգ արուեստներու (երգ, պար, նուագ, ասմունք եւ մենակատարութիւն) ներկայացումներ կատարեցին: Իւրաքանչիւր արուեստ ունէր իր դատակազ կազմի անդամը.
Նուագ՝ Տիար Կարօ Աւեսեան
Երգ՝ Տիկին Շողիկ Թորոսեան
Պար՝ Օրիորդ Գայիանէ Մածունեան,
Ասմունք՝ Տիկին Իրմա Տէտեան
Մենակատարութիւն՝ Տիար Ռոպէրթ Առաքելեան:
Դատական կազմի անդամները խստապահանջութեամբ եւ ուշի ուշով հետեւացան իւրաքանչիւր աշակերտի ներկայացուիմն եւ աւարտին իրենց թելադրութիւնները փոխանցեցին մասնակիցներուն:
Յայտնենք, որ վերջին հանգրուանը տեղ պիտի ունենայ Ապրիլ ամսուան մէջ, որուն ընթացքին ընրուող աշակերտ-աշակերտուհիները ելոյթի ճամբով իրենց տաղանդները պիտի ներկայացնեն հանրութեան եւ ապա իւրաքանչիւր տաղանդէն պիտի ընտրուին լաւագոյնը, իսկ լաւագոյններէն պիտի ընտրուի տարուան լաւագոյն տաղանդաւորը: Կանխայայտ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր այն դպրոցներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն ձեռնարկին:

Այս մասին կը յայտնէ  Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան ֆէյսպուքեան էջը:

մրցույթ1 մրցույթ2

Scroll Up