«Պանք Օթոման» Գիրքը Ոչ Թէ Այսօրուան, Այլ Նաեւ Գալիք Սերունդներուն Գիրքն Է» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Լիբանանեան գիրքի փառատօնին ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 14 մարտ 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ «Ռահպանի եղբայրներ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սամիր Զաքիի հեղինակած «Պանք Օթոման» գիրքին մասին շահեկան զրոյց-հանդիպում մը:

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի եւ «Մաշրեք» հրատարակչատան հետ գործակցաբար կազմակերպուած այս զրոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, արաբական գրականութեան դասախօս դոկտ. Նազեք Պտէյր եւ թատերագիր Մարուան Նաժժար:

Ձեռնարկի զրուցավար դոկտ. Անթուան Տումեթ իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ գիրքը իր խորագիրէն մեկնելով ենթադրել կու տայ, թէ անիկա կը խօսի Օսմանեան դրամատան վարկերուն եւ պահեստի գումարներուն մասին, սակայն խորքին մէջ անիկա կը պատմէ իրաւազրկուած ազգի մը գոյատեւման պայքարին մասին` շարունակելու պայքարը մինչեւ մահ եւ կամ տեղի տալու բռնատիրոջ քմահաճոյքին: Դոկտ. Տումեթ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ սուլթան Ապտուլ Համիտի եւ անոր յաջորդներուն թուրանական ծրագիրներուն եւ անոնց գլխաւոր զոհին` հայ ժողովուրդի կրած տառապանքին: Տումեթ թուեց պատմական այն հանգրուանները, երբ օսմանեան իշխանութիւնը սուլթան Ապտուլ Համիտի թէ իր նախորդին օրով հարկադրուած եղած է տեղի տալու ժողովրդային պահանջատիրական շարժումին եւ բարեկարգումներ մտցնելու օսմանեան օրէնքներուն մէջ: Ապա ան նշեց այն պայմանները, որոնց բերումով հայ ժողովուրդին զաւակները հարկադրուեցան գաղթելու, եւ անոնցմէ մաս մը ապաստանեցաւ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ուր կ՛իշխէր Խիտեաուի թանգաւորը:

Ապա ան ներկայացուց օրուան զեկուցաբերները եւ նախ խօսքը փոխանցեց Լիբանանեան համալսարանի արաբական գրականութեան դասախօս դոկտ. Նազեք Պտէյրի:

Դոկտ. Պտէյր վիպական ոճով ներկայացուց գիրքի միտք բանին, որ կը կեդրոնանար հայ ժողովուրդի իրաւազրկուած զաւակներուն եւ գաղթելու հարկադրուած երիտասարդութեան վրայ` թուելով անոնց դիմակալած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Պտէյր նաեւ յիշեց գիրքին հերոսուհիներէն ոմանց անունները, որոնցմէ մէկը ակամայ զոհը կը դառնայ ինքնահաւան ու դաժան Քազիմ իշխանին: «Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ այն տարբերութեամբ, որ այսօր հաղորդակցութեան միջոցներն ու արբանեակային կայանները վայրկեանը-վայրկեանին աշխարհին կը փոխանցեն պատահող դէպքերը», շեշտեց Պտէյր` յայտնապէս ակնարկելով անցեալ դարուն հայ ժողովուրդի կրած չարչարանքներուն եւ ներկայիս այդ ջարդերը յիշեցնող գաղթականական երեւոյթները արաբական աշխարհին մէջ: «Այս գիրքին ընդմէջէն Սամիր Զաքի (հեղինակը) ուզեց վերընթերցել Հայկական հարցը եւ սթափեցնել մարդկային խիղճը», ընդգծեց դոկտ. Նազեք Պտէյր` շեշտելով, որ իրաւունքը պիտի վերադառնայ իրաւատիրոջ` ուշ կամ կանուխ:

Ապա դոկտ. Տումեթ ներկայացուց յաջորդ զեկուցաբերը` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Տումեթ բարձր գնահատեց երեսփոխան Բագրատունիի մտաւորական ու գրական-մշակութային ենթահողը` յիշեցնելով, որ ան ունի մեծ թիւով գիրքերու հաւաքածոյ ու «կրնայ մրցիլ մեզի հետ»:

Ապա ան խօսքը փոխանցեց երեսփոխան Բագրատունիին, որ իր խօսքը սկսաւ մէջբերելով վարչապետ Սալամի հարցումը, թէ` «ի՞նչ եղաւ Վասիլիին»: Վասիլի գիրքին հերոսներէն է, որ պայքարեցաւ իր ժողովուրդի ազատութեան համար: Բագրատունի յայտնեց, որ Սամիր Զաքիի «Պանք Օթոման» խորագրեալ գիրքը վէպէ մը աւելին` պատմութեա՛ն գիրք է: Բագրատունի յայտնեց, որ «այս գիրքը կը գնահատեմ ո՛չ թէ որովհետեւ անիկա իմ ժողովուրդիս մասին, կամ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մարտիկներու Պանք Օթոմանի յախուռն գործողութեան մասին կը խօսի, այլ` անիկա բաղդատական մըն է անցեալ դարու իրաւազրկումներուն», Ան յիշեցուց, որ օգոստոս 1896-ին, երբ ՀՅԴ-ի մարտիկները ձեռնարկեցին Պանք Օթոմանի գործողութեան, անիկա ըրին ո՛չ գողութեան, ո՛չ ալ սպանութեան մտադրումով, այլ` ազատութեան պահանջատիրութեամբ: «Դրամն ու հարստութիւնը չեն, որ մարդու արժէքը կը սահմանեն, այլ` մարդու մարդկային ու բարոյական արժանիքը», ընդգծեց Բագրատունի` մէջբերելով գիրքին մէջ խօսող նպարավաճառի խօսքը, թէ` «Աստուած թող վրէժ լուծէ Ապտուլ Համիտէն եւ օսմանցիներէն», որոնց ոճիրները կը կրկնուին այս օրերուն եւս, երբ մենք կը դիմակալենք Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող ահաբեկչութիւնը: Սամիր Զաքիի գիրքը ոչ թէ այսօրուան, այլ նաեւ գալիք սերունդներու գիրքն է», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:

Ապա խօսք առաւ թատերագիր Մարուան Նաժժար, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց գիրքը` իր լեզուական, ոճաբանական ու յարակից մանրամասնութեանց դիտանկիւնէն` մաղթելով, որ Արեւելքի ողբերգութիւնները վերջ գտնեն:

Այս ամսին կը յայտնէ Ազդակ

Scroll Up