ՀՀ Նախագահը Աթէնք Կ՚այցելէ

Երկուշաբթի 14 Մարտ 2016ի առաւօտեան, պաշտօնական այցելութեամբ Աթէնք ժամանեցին Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ իր գլխաւորած բազմանդամ պատուիրակութիւնը։ Հայաստանի նախագահը ընդունուեցաւ Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոբուլոսի կողմէ նախագահական պալատին մէջ։

Վաղը՝ Երեքշաբթի 15 Մարտի առաւօտեան ժամը 9ին, Հ.Հ. նախագահը դափնեպսակ պիտի զետեղէ Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, ներկայութեամբ յունահայ գաղութի կառոյցներու, վարժարաններու աշակերտութեան եւ ժողովուրդի։

Այս մասին կը յայտնէ Ազատ օրի ֆէյսպուքեան էջը:

Scroll Up