Լոնտոնի Հայկական Համայնքը Կը Ներկայացնէ

«Հայերն այսօրը» կը  ներկայացնէ նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն Լոնտոնի հայկական համայնքէն ներս կայանալիք ձեռնարկները.

– Մարտ 30-ին, 19:30-ին Լոնտոնի Կիւլպէնկեան դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճոն Լուպաքի «100 տարի անց» ֆիլմի ցուցադրութիւնը: Ֆիլմին պիտի յաջորդէ քննարկում:

– Ապրիլ 21-ին, 19:30-ին Լոնտոնի Սբ. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Թող անոնց ձայները լսելի ըլլան» խորագիրով հայերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով գիրքերու ընթերցում:

– Մայիս 5-ին, Լոնտոնի Հայ տան մէջ երեկոյեան 19:30-ին տեղի պիտի ունենայ դասախօսութիւն: Լոնտոնի համալսարանի դոկտոր Լոուրէնթ Տիսարտ պիտի ներկայացնէ «Հայկական աւերակներու, յիշողութիւններու եւ համայնքներու վերականգնում ներկայիս Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ» թեմայով նիւթը:

– Մայիս 18-ին, 19:30 հայկական Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ գրական-գեղարուեստական երեկոյ: Հայկական թեմաները պիտի ներկայացուին տարբեր լեզուներով, ներառեալ` ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն: Երեկոն կ’ուղեկցուի երաժշտութեամբ:

Scroll Up