Անոյշ Նագգաշեան Հայաստան Բերած Է Խրիմեան Հայրիկի Բացառիկ Ձեռագիրը

Սփիւռքահայ բանաստեղծուհի Անոյշ Նագգաշեան վերջերս գտած է Խրիմեան Հայրիկի անտիպ չափածոներէն մէկը: Հայաստան եկած է Հայրիկի ձեռագիրն ու ատոր հետ յայտնաբերուած լուսանկարները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին փոխանցելու:

Խրիմեան Հայրիկը զայն վերնագրած է «Թագաւորաց ժողով»: Ենթադրաբար, խօսքը Պեռլինի յայտնի վեհաժողովի մասին է:

Ձեռագիրը, Խրիմեան Հայրիկի այս լուսանկարն ու հայ որբերու երկու այլ լուսանկար Անոյշ Նագգաշեանին փոխանցած է Անգլիա բնակող մեր հայրենակից Աբրահամ Մնացականեանը: Անոր բարեկամները 40 տարի առաջ  հայ ընտանիքէ մը տուն  վարձակալած են, անոնցմէ գնած են նաեւ գրասեղան, որուն գաղտնի դարակը Աբրահամ Մնացականեանի դուստրը վերջերս յայտնաբերած է: Հէնց այդ գաղտնի դարակին մէջ ալ պահուած  եղած են ձեռագիրն ու լուսանկարները:

Մայր Աթոռի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Մատենադարանի գրատան մէջ Մարտի վերջը հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս կը բացուի, որուն ժամանակ, իբրեւ բացառիկ նմուշ, կը ցուցադրուի նաեւ Խրիմեան Հայրիկի այս ձեռագիրը:

Մանրամասները` «Երկիր մեդիայի» տեսանիւթին մէջ:

Scroll Up