Սթոքհոլմի ՄԷջ Քիւրտերն Ու Ասորիները Միացած Են ՀՅԴ-ի Ցոյցին` Ընդդէմ Թուրքերուն
Սթոքհոլմի մէջ Մարտ 11-ին տեղի ունեցած է հակահայկական ցոյց ` շուէտական խորհրդարանին մօտ, որուն նպատակը եղած է ժխտել 2010 թուականին շուէտական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած` Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը:
Yerkir.am-ի հետ զրոյցին Շուէտի մէջ ՀՅԴ անդամ Սարգիս Տեքիրմէնճեան յայտնեց, որ թրքական ցոյցին հակադարձելու համար նոյն վայրին մէջ ցոյց կազմակերպած են նաեւ Շուէտի ՀՅԴ կառոյցը, ՇԵՄ-ի (Շուէտի Երիտասարդական միութեան) կեդրոնական վարչութիւնն ու Շուէտի մէջ հայկական ընկերակցական միութեան մարմինը` շուէտական խորհրդարանի ողջունելի որոշման նեցուկ կանգնելու նպատակով:
Տեքիրմէնճեան նշեց, որ ՀՅԴ-ական եւ ՇԵՄ-ի երիտասարդները իրենց մշտական եւ խանդավառ մասնակցութեամբ պատնէշ դրած են թրքական մոլեռանդ պահուածքին: Անոր խօսքով` ցոյցին ընթացքին հայ երիտասարդներուն կողքին եղած են նաեւ տասնեակ ասորի եւ քիւրտ ցուցարարներ:
Շուէտի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած` Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը Շուէտի իշխանութիւններէն կը պահանջէր գործակցիլ ՄԱԿ-ի, ԵՄ-ի եւ Թուրքիոյ հետ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ: