«Էլ Նինիօ»ի Եւ Բնական Այլ Աղէտներու Նուիրուած Քննարկում Փասատինայի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ համագործակցութեամբ շրջանի ՀԵԴին, ՀՕՄին եւ ՀՄԸՄին, ինչպէս նաեւ քաղաքային, նահանգային եւ դաշնակցային մարմիններու, «Էլ Նինիօ»ին եւ բնական այլ աղէտներու նուիրուած քննարկում մը իրականացաւ Հինգշաբթի, Փետրուար 25ի երեկոյեան, Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ, ուր ներկայ եղաւ աւելի քան 100 հոգի՝ նման աղէտներու պատրաստուելու եւ անոնց հետեւանքները դարմանելու մասին կարեւոր տեղեկութիւններ ստանալու համար։
Հանրութեան ապահովական կենսական տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ պատրաստուածութիւնը առաւելագոյն մակարդակի հասցնելու նպատակով կազմակերպուած այս քննարկումին բացումը կատարեց Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վահէ Մաճարեան, որ նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց քաղաքէն ներս այդ յանձնախումբին գործունէութեան մասին։ Ապա, ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղէն Թալին Հինտոյեան արտայայտուեցաւ իր կազմակերպութեան առաքելութեան եւ գործունէութեան մասին, որմէ ետք օրուան հանդիսավար եւ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Դաւիթ Ճորճ Գէորգեան ներկայացուց օրուան քննարկումին մասնակցող հիւրերը՝ Վերոնիքա Վերտէ (Միացեալ Նահանգներու հայրենիքի ապահովութեան բաժանմունք), Տակլըս Հալզ (Քալիֆորնիոյ նահանգապետի շտապ օգնութեան սպասարկութեան գրասենեակ), Էմըլի Մոնթանիէզ (Լոս Անճելըս գաւառի արտակարգ դրութեանց վարչութիւն), Այտա Տիմէճեան (Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբ) եւ Լիսա Տէրտէրեան (Փասատինայի հրշէջներու բաժանմունք)։
Տեղեկութեանց փոխանցումէն եւ խորհրդակցութիւններէն ետք ներկաները վայելցին ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղին կողմէ պատրաստած հիւրասիրութիւն։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: