Ալեքսանտր Յարութիւնեանի Անուան Փայտափողային – Դաշնամուրային Քառեակի Դասական Համերգ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 12 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ,Լեւոն Շանթե կեդրոնի ,Գ. եւ Հ. Արմէնեանե սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգ` կատարողութեամբ Ալեքսանտր Յարութիւնեանի անուան փայտափողային-դաշնամուրային քառեակին, որ հրաւիրուած էր ,Պուսթանե փառատօնին կողմէ: Քառեակի անդամներն են Լիլիթ Զաքարեան` դաշնակ, Գէորգ Աւետիսեան` սրինգ, Դաւիթ Կիւլամիրեան` քլարինեթ, Նիկոլայ Պօղոսեան` պասոն, իսկ ղեկավարն է Սերկէյ Սմբատեան: Համերգին երաժշտասէր բազմութեան կողքին ներկայ էին նաեւ ,Պուսթանե փառատօնի տնօրէն Նատա Մասուուտ եւ Սերկէյ Սմբատեան:
Համերգին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ,Բարսեղ Կանաչեանե երաժշտանոցի տնօրէն Աշոտ Ճէնտէրէճեան: Ան նկատել տուաւ, որ քառեակի անդամները մաս կը կազմեն Հայաստանի երիտասարդական սիմֆոնիք նուագախումբին եւ երրորդ անգամ ըլլալով հիւրերն են ,Պուսթանե փառատօնին:
Այնուհետեւ Ալեքսանտր Յարութիւնեանի անուան փայտափողային-դաշնամուրային քառեակը յաջորդաբար մեկնաբանեց Մոցարթի ստեղծագործութիւններէն ,Կախարդական սրինգե օփերայէն հատուած մը, Պիզէի ,Քարմէնե օփերայէն հատուածներ, Չայքովսկիի ,Նաթքրեքըրե պալէէն հատուածներ, Ռախմանինովի ,Վոքալիզե-ը, Պէրնշտայնի ,Քանտիտե օփերայի նախերգանքը, Խաչատուրեանի ,Գայեանէե պալլէէն հատուածներ, Փրոքոֆիեւի ,Ռոմէօ եւ Ժիւլիեթե պալէէն հատուածներ, Յարութիւնեանի ,Կոնցերտային վալսե եւ ,Սասունցիներու պարե երաժշտական կտորները: Հանդիսատեսները մեծապէս գնահատեցին քառեակի կատարումները եւ յոտնկայս ողջունեցին զիրենք իրենց երկարատեւ ծափերով:
Յայտնենք, որ Ալեքսանտր Յարութիւնեանի անուան փայտափողային-դաշնամուրային քառեակը ստեղծուած է հայ մեծանուն երաժշտահան Ալեքսանտր Յարութիւնեանի 95-ամեակին առիթով եւ կոչուած է իր անունով: Քառեակի ստեղծումին հիմնական նպատակն է սերունդներու միջեւ կամրջումը եւ հայ երաժշտական դպրոցի ժառանգութեան պահպանումն ու արժեւորումը: Քառեակի անդրանիկ համերգը տեղի ունեցած է 28 հոկտեմբեր 2015-ին` հայ հանդիսատեսին առջեւ: Քառեակին իւրայատկութիւնը կը կազմէ ոչ աւանդական գործիքային կազմը, որովհետեւ Ա. Յարութիւնեանի ստեղծագործական ժառանգութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն փողային գործիքներու համար գրուած ստեղծագործութիւնները:
Այստեղ պէտք է նշել, որ մօտ օրէն քառեակին առաջին ձայնասկաւառակի ձայնագրութեան աշխատանքները կը հասնին իրենց աւարտին, եւ խումբը մայիս ամսուան ընթացքին կը մեկնի Չինաստան` ելոյթ ունենալու համար ութ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ այդ առիթով տեղի կ՛ունենայ ձայնասկաւառակի ներկայացումը:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: