Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Ներկայացուցիչները կը Հանդիպին ՀՀ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Րիչըրտ Մ. Միլզի Հետ

Երեքշաբթի, Մարտի 8, 2016-ին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան ներկայ ՀՀ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Րիչըրտ Մ. Միլզի հետ։
Մարտի 8-ի հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիա Նահանգի Կլէնտէյլ քաղաքի Brand Library and Arts Կեդրոնին մէջ, Դեսպանին կ՚ընկերակցէր նաեւ Պարոն Ճէֆըրի Բարեթչան, USAID Regional Alliance-ի Եւրոպայի եւ Եւրասիայի ներկայացուցիչը։ Սոյն հանդիպումը Դեսպան Միլզի Միացեալ Նահանգներու Ամերիկահայ Գաղութին հետ ունեցած շարք մը հանդիպումներէն մէկն էր։
Հանդիպումին մասնակցող ԱՀԱԸ-ի ներկայացուցիչներն էին Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան՝ ԱՀԱԸ-ի Վարչական Խորհուրդի Նախագահ, Տօքթ. Հրայր Ս. Ահարոնեան՝ ԱՀԱԸ-ի Վարչական Խորհուրդի նախկին Նախագահ, Զաւէն Խանճեան՝ ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն, եւ Լեւոն Ֆիլեան՝ ԱՀԱԸ-ի Արեւմտեան Ափի Գործադիր Տնօրէն։
Դեսպանը խօսեցաւ երկրի յառաջխաղացման իր առաջնահերթ ծրագիրներուն մասին։ Ան նաեւ հետաքրքրուեցաւ աւելի իմանալ ԱՀԱԸ-ի համաշխարհային ծառայութիւններուն մասին՝ յատկապէս Հայաստանի մէջ։
Քննարկուող նիւթերն էին Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւնները, երկրի անվտանգութեան հարցերը, Սուրիայի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով Հայաստան գաղթող Սուրիահայերը, խօսքի եւ կրօնի ազատութեան հարցը, ծրագիրներ՝ ուժեղ տնտեսութեան եւ սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան օգնութիւնը ընդլայնելու կարելիութիւնները։
ԱՀԱԸ-ը կ՚ողջունէ ՀՀ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Միլզը, մաղթելով մեծամեծ յաջողութիւններ, եւ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ անոր՝ մեր Հայրենիքին օգնելու իր շահագրգռութեան համար՝ Սփիւռքի Հայ ղեկավարութեան մասնակցութեամբ։
—————————-
Կցուած Նկար։ Տօքթ. Հրայր Ս. Ահարոնեան՝ ԱՀԱԸ-ի Վարչական Խորհուրդի նախկին Նախագահ, Լեւոն Ֆիլեան՝ ԱՀԱԸ-ի Արեւմտեան Ափի Գործադիր Տնօրէն, Դեսպան Րիչըրտ Մ. Միլզ, Զաւէն Խանճեան՝ ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն եւ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան՝ ԱՀԱԸ-ի Վարչական Խորհուրդի Նախագահ