Հակառակորդի Նախայարձակ Աշխուժութիւնը Ճնշուած Է. Ունինք Մէկ Զոհ

Մարտ 11-ին եւ լոյս 12-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, 60 միլիմեթրանոց ականանետէ (16 արկ) եւ ՌՊԳ-7 տեսակի նռնականետէ (5 արկ), հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 2300 կրակոց:
Համաձայն ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան` ՊԲ յառաջապահ զօրամասերու պատասխան գործողութիւններու արդիւնքով` հակառակորդի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշուած է:
Մարտ 11-ին` ժամը 15:45-ի սահմաններուն, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ նռնակի պայթիւնէն մահացու վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, Սարգիս Դաւիթի Օհանեանը ծնած 1997-ին:
Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: