Յակոբ Եւ Մինա Շիրվանեանները Մեծարուեցան Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան 40ամեակի Ձեռնարկին

Կիրակի, Մարտ 6ին տեղի ունեցաւ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան 40ամեակի տօնակատարութիւնը «Պեվըրլի Հիլզ» պանդոկին մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 350 համակիրներու, որոնք Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան տասնամեակներու իրագործումները տօնելու կողքին, եկած էին մասնակից դառնալու համայնքի երկար տարիներու բարերարներ եւ գործիչներ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններու մեծարման։
Բացայայտօրէն յուզուած իրենց ցուցաբերուած այս պատիւէն եւ յոտնկայս ծափահարութիւններէն՝ Շիրվանեանները խօսեցան համայնքին ու Հայաստանի կարիքներուն հասնելու եւ անոնց սպասարկելու իրենց մղումներուն մասին, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան, զիրենք 40ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին «Տարուան Ամոլ»ը հռչակելու որոշումին համար։ Անոնք շեշտեցին, թէ իրենց նպատակն էր հիմնականին մէջ նեցուկ կանգնիլ նոր սերունդին եւ Հայ Դատին։
(Նշենք, որ երեկոյին մեծարուած Շիրվանեանները 10,000 տոլարի յաւելեալ նուիրատուութիւն կատրեցին Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան):
Մեծարեալները հանրութեան ներկայացնելու ընթացքին, դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան խօսեցաւ իրականացած եւ իրագործուելիք այն բոլոր ծրագիրներուն մասին, որոնց վրայ կայ Շիրվանեաններուն դրոշմը. անոնցմէ վերջինն էր անցեալ Դեկտեմբերին ամոլին կողմէ կատարուած նուիրուութիւնը՝ «Մենք Ենք Գիւմրին» ծրագիրին, որուն առաջին նպատակն է նորոգել Գիւմրիի Երիտասարդական կեդրոնը։
Դոկտ. Յովսէփեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնց նիւթական աննկուն զօրակցութիւնը կարելի կը դարձնեն Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան կրթական եւ մշակութային ծրագիրները, որոնց նպատակն է աշխուժացնել եւ համայնքին ու ազգային կեանքին մէջ աւելի գործօն դերակատար դարձնել նոր սերունդը: Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, որոնք ստանձնած էին տօնակատարութեան հովանաւորութիւնը՝ միաժամանակ լուսարձակի տակ առնելով ամոլին երկարամեայ զօրակցութիւնը։
Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն կը յանձնուի ՀՅԴ 125ամեակի առիթով պատրաստուած յուշամետալի առաջին օրինակը
Յովսէփեան, այս առիթով, նաեւ յայտարարեց, թէ Ֆրեզնոյէն երկարամեայ համայնքային գործիչ Յովհաննէս Պուլատեան որոշած է իր ամբողջ ունեցուածքը ժառանգ ձգել Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան՝ վստահեցնելով, որ ապագայ սերունդները մեծապէս պիտի օգտուին անոր այս օրինակելի բարերարութենէն։ Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Ֆրեզնոյի հայ համայնքի կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ անիկա ամերիկահայութեան պատմական ողնասիւնը կը հանդիսանայ, եւ կոչ ընելով Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան, ինչպէս նաեւ հայկական այլ կազմակերպութեանց, որ իրենց ուշադրութեան կեդրոնը դարձնեն այդ համայնքը: Նշենք, որ տասնամեակներէ ի վեր Ֆրեզնօ հաստատուած Յովհաննէս Պուլատեան Միացեալ Նահանգներ ժամանած է 1970ականներու սկիզբը, որմէ առաջ ան լիբանանահայ համայնքի գործօն անդամներէն մէկը եղած էր եւ ծանօթ էր այդ համայնքի կարիքներուն առատաձեռնօրէն գոհացում տուող իր արարքներով:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց անոր երիտասարդ անդամներէն Վաչէ Թովմասեան, որ շեշտեց, թէ կազմակերպութիւնը իր իրագործումները կը պարտի նախորդ սերունդներուն, որոնք «մեզի դրին այնպիսի ճամբու մը վրայ, որ կ՛երաշխաւորէ մեզ հասցնել դէպի մեր անցեալէն աւելի փայլուն ապագայ մը»։
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան նպատակն է շարունակաբար ստեղծել, յարմարիլ եւ աճիլ՝ քայլ առ քայլ ամրապնդելով մեր համայնքն ու հայութիւնը, միշտ մեծ ակնկալիքներով նայելով ապագային», յայտարարեց Թովմասեան։
Նշելով, որ յաջողութիւնը սովորաբար թիւերով կը չափուի՝ Թովմասեան յիշեցուց Լոս Անճելըսի 160,000 հոգինոց Արդարութեան քայլարշաւը, սուրիահայութեան նեցուկ կանգնելու նպատակով հաւաքուած միլիոնաւոր տոլարները, համայնքի վարժարաններուն եւ Հայ կեդրոններուն մէջ արձանագրուող տեսակաւոր իրագոծումները եւ ՀՅԴի 125ամեակի տօնակատարութեան ծովածաւալ ժողովրդային մասնակցութիւնը։
Ան նաեւ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան նեցուկ կանգնող ներկաներուն վստահեցուց, թէ իրենց ներդրումներուն դիմաց պիտի ստանան աւելի լաւ դաստիարակուած, աւելի նորարար եւ աւելի նուիրուած նոր սերունդ մը, որ «պատրաստ պիտի ըլլայ միասնական ուժերով իրականացնելու ձեր կողմէ մեր մէջ դրուած տեսլականներն ու իտէալները»։
Տօնակատարութեան բացումը կատարեցին ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական միութեան անդամներ Նարէ Քիւփէլեան եւ Կարէն Կիրակոսեան, որոնք շեշտեցին, թէ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան նման կազմակերպութիւններու նեցուկին շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ կերտել աւելի լաւ պատրաստուած ապագայ սերունդներ՝ միաժամանակ շեշտելով համակիրներուն եւ անոնց ցուցաբերած աջակցութեան կարեւորութիւնը՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան ծրագիրներու իրականացումը ապահովելու գործին մէջ։
Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները երգեցին Թուխման Խաչատուրեան եւ եօթնամեայ Իզապէլ Քարատոլեան, իսկ օրհնութեան աղօթքը կատարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։
Երեկոյի հանդիսավարն էր տոքթ. Միրէյ Համբարեան, որ ողջոյնի խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ իր կեանքին մէջ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան խաղացած կենսական դերակատարութիւնը։
Իր կարգին, 40ամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբի ատենապետ Էլիզապէթ Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց համակիրներուն, որ շարունակաբար եւ առատաձեռնօրէն կը զօրակցին հիմնարկութեան գործունէութեան։ Ան նաեւ ներկայացուց արուեստագէտ Արթուր Սարգսեանը, որ իր ստեղծագործութիւններէն օրինակներ նուիրած էր ձեռնարկին մասնակիցներուն։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Թիւֆէնքեան» ցուցադրասրահէն Քերոլայն Թիւֆէնքեանին, որ սոյն նուէրները պատրաստելու աշխատանքին նպաստած էր։
Երեկոյի ընթացքին ներկաները վայելեցին Կրեկ Հոշարեանի հնգեակին, երգիչ Հայբերդ Սարեանի, Անդրանիկ Քիզիրեանի (ուտ) եւ յայտնի երգիչ Էրիք Կարապետեանի, իսկ ընկերային պահուն՝ սրնգահար Սալբի Քերքոնեանի կատարումները։