Չինաստանի ՄԷջ Հայկական Համայնքի Նոր Ղեկավարը Մհեր Սահակեանն Է

Մարտ 6-ին Չինաստանի հայկական համայնքէն ներս տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որուն արդիւնքով Մհեր Սահակեան ընտրուեցաւ համայնքի նախագահ: Մհեր Սահակեան գիտական հետազօտութիւն կը կատարէ Նանճինկի համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու ինստիտուտին մէջ: Այս մասին կը տեղեկանանք Չինաստանի հայ համայնքէն:

Ան ԵՊՀ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի Իրանագիտութեան բաժինի շրջանաւարտ է: Գերազանցութեան տիպլոմով աւարտած է ԳԱԱ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի մագիստրատուրան: Յաճախած է ԱԳՆ Դիւանագիտական դպրոցը, Իրանի Իմամ Խոմէյնիի համալսարանին մէջ, Ռուսաստանի քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ: Ծառայած է ՀՀ Զինուած ուժերու Յատուկ նշանակութեան գունդի մէջ, պարգեւատրուած է <<Բանակի գերազանցիկ>>, <<Քաջարի մարտիկ>> կրծքանշաններով, պատուոգիրով: Հիմնադրած է Չինաստանի Հայկական ուսանողական միութիւնը, մինչեւ 2016թ. գրաւած է Չինաստանի հայկական համայնքի արտաքին կապերու գիծով փոխնախագահի պաշտօնը: 2015թ. Ապրիլին ղեկավարած է Նանճինկի մէջ իրականացուած Ցեղասպանութեան յիշատակման նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպչական կոմիտէն: Միջազգային յարաբերութիւններու եւ Արեւելագիտութեան վերաբերեալ գիտական եւ վերլուծական յօդուածներու հեղինակ է:

Իր խօսքին մէջ Մհեր Սահակեան կոչ ուղղած է Չինաստանի հայկական համայնքին շարունակել ամրապնդել համայնքի միասնականութիւնը, հանդէս գալ նախաձեռնութիւններով, աշխուժօրէն մասնակցիլ համայնքի կեանքին, օգնել իրարու, պահպանել Հայոց լեզուն եւ ազգային գաղափարները:

Մհեր Սահակեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ համայնքի առաջին նախագահ Հենրի Արսլանեանին` նշելով. <<Հենրի Արսլանեանը անմնացորդ նուիրուածութեամբ  կատարած է իր ազգանուէր առաքելութիւնը: Ան հիմնադրեց Համայնքի Գործադիր կոմիտէն եւ առաջինն էր, որ կ’արձագանքէր համայնքին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն: Չինաստանի հայկական համայնքէն ներս Հենրին ձեւաւորեց ժողովրդավարական ընտրութիւններու ինստիտուտը, որ պէտք է պահպանել>>:

Չինաստանի հայկական համայնքը աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Յատկանշական է Չինաստանի մէջ բնակող հայերուն միաւորելը, հեռաւոր արեւելքի մէջ հայապահպանութեան նպաստելը, չինացի ուսանողներուն Հայաստանի մէջ ուսանելու համար յատկացուած կրթաթոշակը, Չինաստանի մէջ հայկական ներկայութեան պատմութեան վերաբերեալ <<Կիւլպէնկեան>> հիմնադրամին հետ կատարուող ուսումնասիրութիւնները, Չինաստանի մէջ Հայկական ուսանողական միութեան գործունէութիւնը, Հայ հետազօտողներու եւ ուսանողներու առցանց գիտաժողովը եւ այլն:

Scroll Up