Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի «Ապրելու Համար» Գիրքի Շնորհահանդէս

Երէկ` ուրբաթ, 11 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի «Ապրելու համար» գիրքին շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համբիկ Միսաքեան, որ «Ռոստոմ» կոմիտէին անունով ողջունեց ներկաները, ապա ներկայացուց Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի կենսագրական տուեալները եւ գործունէութիւնը` ըսելով, թէ Տէր Խաչատուրեան եղած է ինքնավստահ ու լայնախոհ եւ օժտուած է առաջնորդելու կարողութեամբ: Ան իր կեանքին ընթացքին կրած է զրկանք ու տառապանք, բայց կառչած մնացած է ազգային արժէքներուն` անձնուրացօրէն ծառայելով ազգին, եկեղեցիին ու կուսակցութեան:
Հ. Միսաքեան նշեց, որ Հ. Տէր Խաչատուրեան մեծ դեր ունեցած է կառուցելու տուն, դպրոց ու եկեղեցի: Խօսքի աւարտին Միսաքեան ըսաւ, որ ի պատիւ Հ. Տէր Խաչատուրեանին Հայաշէնի եկեղեցին կոչուած է Մշոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անունով, եւ անոր շնորհիւ այսօր հայութիւնը կը վայելէ Հայաշէնի եկեղեցին ու մանաւանդ ժողովրդային տունը: Ան շնորհաւորեց Տէր Խաչատուրեան ընտանիքի անդամները` մաղթելով անոնց յարատեւ վերելք եւ ապագայ ծրագիրներու յաջողութիւն:
Համազասպ Տէր խաչատուրեանի ծոռը` Ալիք Մեսրոպեան, կարդաց հատուածներ «Ապրելու համար» գիրքէն: Իսկ Վարդան Գարապաճաքեան փունջ մը երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ յայտագիրին:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Կարօ Յովհաննէսեան, որ հրատարակութեան պատրաստած ու խմբագրած է Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի «Ապրելու համար» գիրքը: Կարօ Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ Հ. Տէր Խաչատուրեան իր յուշերը գրի առած է 1945-ին` Արաբ-Բունար գտնուած ժամանակ: Ապա ժամանակ առ ժամանակ մշակած է զանոնք: Կարգ մը հատուածներ հրատարակած է պարբերական մամուլին մէջ, իսկ 1960-ական թուականներուն վերջաւորութեան յուշերը վերջնական ձեւի մէջ դասաւորած:
Ան ըսաւ, թէ Համազասպ Տէր Խաչատուրեան պատանի տարիքէն ճաշակած է կեանքի բոլոր դժուարութիւնները:1918-ին պատսպարուած է Տիգրանակերտ, ապա 1922-ին տեղահանուած է Հալէպ, եւ վերջապէս` 1929-ին հաստատուած Պէյրութ: Ան տարած է ազգային, հայրենասիրական եռուն գործունէութիւն: Վարած է զանազան պաշտօններ եւ ստանձնած բազմաբնոյթ պարտաւորութիւններ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ: Տունը բաց եղած է բոլորին առջեւ, եւ ականատեսի վկայութիւններով վերածուած է ուխտատեղիի. հոն հիւրընկալուած են Սօսէ մայրիկ, Շահան Նաթալի, Միսաք Թորլաքեան, Կարօ Սասունի, Վահան Փափազեան, Գասպար Իփէկեան եւ շատ ուրիշներ:
Կարօ Յովհաննէսեան յայտնեց, որ Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի զաւակները շարունակած են իրենց հօր ուղին ու առաջնորդուած են անոր սկզբունքներով ու խրատներով, ապա ըսաւ, թէ Տէր Խաչատուրեան ինքնաշխատութեամբ ինքզինք կերտած է: Սորված է լեզուներ: Ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, Տարօնի պատմութիւնը, անոր առօրեայ կեանքը, բանահիւսութինը: Ան ոչ միայն անյագ ընթերցող եղած է, այլեւ պրպտող ու քննարկող: Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ թղթակցութիւններ: Ան ունեցած է դիտելու եւ մարդոց հոգիին ու մտքին մէջ թափանցելու կարողութիւն:
Կ. Յովհաննէսեան դիտել տուաւ, թէ Համազասպ Տէր Խաչատուրեան միշտ իրեն հետ պտտցուցած է իր ծննդավայրը, որ իր հոգիի էութիւնը եղած է: Իր բովանդակութեամբ եւ իր պարզութեամբ ու հրապուրիչ լեզուով Տէր Խաչատուրեանի յուշագրութիւնը իբրեւ հում նիւթ կը ծառայէ հայ ժողովուրդի մէկ ժամանակաշրջանը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի հոգեբանութիւնը ուսումնասիրելու համար: Հատորը եղաւ նաեւ հազուագիւտ հրատարակութիւններէն մէկը, որ լոյս տեսաւ Լիբանանի մէջ Ապրիլեան եղեռնի 100-ամեակին առիթով:
Սրտի խօսք արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան ըսաւ, թէ իր մանկութեան ճանչցած է Համազասպ Տէր խաչատուրեանը, որ բարի եւ հայրական վերաբերմունք կը ցուցաբերէր մանուկներուն եւ պատանիներուն նկատմամբ: Ան յայտնեց, որ գիրքը չի սահմանափակուիր սոսկ ընտանիքի մը պատմութիւնը ըլլալով , այլ ուղղուած է բոլորին եւ կը փոխանցէ սրբազան պատգամ մը, որ ազգային ժառանգութեան տէր կանգնիլն է: Գեղամ արք. Խաչերեան դիտել տուաւ, թէ գիրքը կը կազմէ ազգապահպանման առօրեայ պայքարի մը առանցքը եւ անձնական ու հաւաքական կեանքի փորձառութեան մը ամբողջութիւնն է: Ան ըսաւ, թէ Տէր Խաչատուրեան թէեւ ուսում չէր ստացած, բայց թրծուած եղած է ֆետայիներու շունչով: Սրբազանը նաեւ աւելցուց, որ Համազասպ Տէր Խաչատուրեան իր գործով կը մտնէ հայ ժողովուրդի յաւիտենականներու փաղանգին մէջ:
Տէր Խաչատուրեան ընտանիքին անունով խօսք առաւ Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեան: Ան ըսաւ, թէ իր հօրը յուշերը բովանդակող գիրքը հրատարակուած է Եղեռնի 100-ամեակին առիթով, ապա` ակնարկելով հօրը ապրած տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական դժուարութիւններուն, ըսաւ, թէ իր հայրը չէ ընկրկած, այլ դիմագրաւած է դժուարութիւնները վերապրելու կամքով: Ան նշեց, որ իր հայրը կեանքի պայքարը յուշագրութիւններու ճամբով անմահացուցած է եւ ազգին վերադարձուցած է կեանքի դառն պայքարի յիշատակարանը: Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեան յայտնեց, որ Եղեռնէն մազապուրծ եղած Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի ու անոր եղբօր ընտանիքը այսօր արդէն բազմանդամ դարձած է եւ կը շարունակէ իր հօր ու մեծ հօր աւանդը պահել: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են ձեռնարկի կազմակերպման ու մանաւանդ գիրքի լոյս ընծայման:
Ձեռնարկի աւարտին հարազատ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ Կարօ Յովհաննէսեան Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի գիրքերը մակագրեց ներկաներուն` հիւրասիրութեան մը ընթացքին:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: