Ուսուցչաց տօնը Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Արսլանյան.jpg)
2015-2016 տարեշրջանի աւարտական դասարանի աշակերտները այսօր՝ Ուրբաթ, 11 Մարտ 2016-ին, նշեցին ուսուցչաց տօնը:
Աշակերտները ընթերցեցին իւրաքանչիւր ուսուցիչի ուղղուած իրենց սրտաբուխ գրութիւններն ու երախտագիտութեան խօսքերը, ապա բացիկները յանձնեցին ուսուցիչներուն եւ զանոնք հրաւիրեցին ճաշակելու իրենց պատրաստած քաղցրեղէնները:
Այս մասին ըստ «Հայերն այսօրի»՝ կը յայտնէ Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ֆէյսպուքեան էջը: