Սիտնէյի Գոլստըն Վարժարանը Միջինէն Բարձր Ցուցանիշ Արձանագրած է Ազգային Գնահատման Ծրագիրի (NAPLAN) Արդիւնքներով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Galstaun-Logo.png)
Աւստրալական կրթական ծրագիրի (ACARA) գնահատման արդիւնքներուն Սիտնէյի Գոլստըն վարժարանը միջինէն բարձր ցուցանիշ ունեցած է “NAPLAN”-ի արդիւնքներով: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ armenia.com.au կայք-էջէն:
Գոլստըն վարժարանի տնօրէն Էտուարտ Տէմիրճեան նշած է, որ սա շատ էական ձեռքբերում է եւ ցոյց կու տայ, որ վարժարանը անհրաժեշտ քայլեր կը ձեռնարկէ, որպէսզի շարունակեն բարելաւել ակադեմական ձեռքբերումները եւ ուսանողներու ցուցանիշները: Նաեւ աւելցուցած է, որ Գոլստըն վարժարանը պետութեան վեց դպրոցներէն մէկն է, որ կ’արժանանայ նման արդիւնքներու: