Իտալացի Լրագրողուհի. Հրանդ Տինքը Ինծի Սորվեցուցած Է Չվախնալ Ճշմարտութիւնը Ըսելու

Լրագրողները պէտք է  իրերը իրենց անունով կոչեն: Այդ մասին NEWS.am-ի թղթակիցին յայտնած է իտալացի լրագրողուհի Աննա Մացցոնէն, որ  2016-ին խօսքի ազատութեան Հրանդ Տինք մրցանակի դափնեկիր է: Բոլոր լրագրողները իրենց հոգիին խորքը կը նմանին Հրանդին. աղաւնիներ են, որոնք չեն ուզեր թեւերը ծալել, աւելցուցած է ան:

Մրցանակը յանձնուած է Հռոմի մէջ` Մարտ 1-ին, մրցանակակիրներն են Աննա Մացցոնէն    (Panorama, Radio Rai, ֆրիլանսեր) եւ Ֆրանգա Ճանսոլտատին (Il Messaggero):

«Ես շատ զգացուած եւ շնորհակալ եմ այնպիսի ճանաչման համար, ինչպիսին  2016-ի Հրանդ Տինք մրցանակն է: Ես կեանքիս մէջ անձամբ չեմ ճանչցած Հրանդ Տինքը, գիտէի միայն յօդուածներով: Ես անոր ճանչցայ  2007  թուականի Յունուար 19-ի այն սեւ օրուընէ յետոյ, երբ ան սպաննուեցաւ Սթամպուլի կեդրոնին մէջ: Անոր յիշողութիւնը կ’ապրէր յուղարկաւորութեան օրը փողոցները ողողած ամբոխին մէջ, մարդոց ձայներուն մէջ, թէ ինչպէս միաձայն արդար հատուցում կը պահանջէին անոր սպանութեան դիմաց: Ես անոր ճանչցայ անոր դուստրի աչքերուն մէջ, որ նոյնքան գեղեցիկ է եւ արժանապատիւ, որքան ան, անոնց ճանչցայ իր բարեկամներու խօսքերուն մէջ:   Այդ մարդիկ յատուկ տեղ կը գրաւեն իմ կեանքիս մէջ. անոնց շնորհիւ ես կը շարունակեմ իրօք սիրել Թուրքիան: Երբ իմացայ, որ Հռոմի հայկական համայնքի խորհուրդը որոշած է ի յիշատակ Հրանդի  մրցանակով պարգեւատրել զիս, չկրցայ արցունքներս զսպել: Ես շատ շնորհակալ եմ, չնայած բան չեմ ըրած նման մեծ պատիւի արժանանալու համար: Այժմ իմ առջեւ իմ պատասխանատուութեան ուղին է:  Ես պիտի փորձեմ ճանաչման արժանանալ` ամբողջ կեանքիս մէջ չմոռնալով, թէ ինծի ինչ սորվեցուցած է Հրանդը. երբեք չվախնալ ճշմարտութիւնը ըսելու եւ իրերը կոչել իրենց անուններով: Այն, ինչ հայերուն հետ տեղի  ունեցած է  1915-ին, ոչ փոկրոմ էր, ոչ ջարդ, ոչ ալ զանգուածային սպանութիւններ: Ատիկա ցեղասպանութիւն էր: Պարզ ճշմարտութիւն է», – յայտնած է Աննա Մացցոնէն:

2015-էն ի վեր Ղարաբաղի մասին փաստագրական ֆիլմի նկարահանումներէն յետոյ լրագրողուհին Ատրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ յայտնուած է:  «Ատրպէյճանական վարչակարգի ձեւակերպմամբ, ես անօրինականօրէն  ներթափանցած եմ Լեռնային Ղարաբաղ: Բայց ատիկա ճիշդ չէ: Ես ԼՂՀ մեկնեած եմ միակ բաց սահմանով` ֆիլմ նկարահանելու մոռցուած պատերազմի մասին, որ մինչեւ հիմա կեանքեր կը խլէ եւ ցաւ կը բերէ», – պատմած է ան:

Ֆիլմը ցուցադրուած է  SKY TG24 հեռուստաալիքով եւ մեծ յաջողութիւն  ունեցած: Ատոր մէկ հատուածը կարելի է տեսնել Youtube-ի վրայ` Nagorno Karabakh, la guerra dimenticata («Լեռնային Ղարաբաղ, մոռցուած պատերազմ») անուանումով:

«Կը կարծեմ` այդ աշխատանքին հանդէպ ուշադրութիւնը դիտողներու ցանկութեան մասին կը վկայէ` աւելի լաւ ճանչնալու այն, որուն մասին սովորաբար չեն խօսիր», – աւելցուցած  է լրագրողուհին:

 

Scroll Up