Հ. Գթ. Խաչի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի ժողովը
Կիրակի՝ 6 Մարտ 2016ին, Թեսաղոնիկէի «Հայաստան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայ Գթութեան Խաչի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի լիագումար անդամական ժողովը:
Ժողովը շատ յուզական եւ գեղեցիկ կերպով սկսաւ նոր անդամներու երդման արարողութեամբ: Հ.Օ.Մ.ի նպատակին հաւատարիմ մնալու եւ այդ նպատակին ծառայելու երդում տուին եօթը երիտասարդ անդամուհիներ, որոնք արդէն իսկ իրենց գործունէութեամբ որդեգրած էին Հ.Օ.Մ.ուհիի նկարագիրը՝ ոմանք նորաստեղծ Ծնողական Մարմնոյ մէջ, մեծ մասն ալ որպէս միօրեայ վարժարանի կամաւոր վարժուհիներ:
Ժողովը մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց նոր անդամուհիները. յատկապէս խորհրդանշական էր, թէ բոլորն ալ Հայաստանէն եկած եւ Յունաստան կայք հաստատած երիտասարդ եւ գործօն տիկիններ են:
Ժողովը այնուհետեւ ընթացաւ օրակարգին համաձայն, ներկայացուեցան առաջարկներ՝ ուղղուած Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջանի 45րդ Պատգամաւորական Ժողովին, ինչպէս նաեւ ընտրուեցան Թեսաղոնիկէի ձայնը ներկայացնող պատգամաւորները:
Իրէն Յովհաննիսեան
Ազատ օր