Ինչպէս հաղորդած էինք, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Արցախի ու Հայաստանի խաղաղութիւնը պահպանելու, անոր բարգաւաճման զարկ տալու եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին հովանաւորներ ապահովելու նպատակներով, Մարտ 15-16ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ պիտի կայանան քաղաքական շարք մը հանդիպումներ, որոնց պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու տարածքէն մայրաքաղաք ժամանած Հայ Դատի համակիրներ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ այս հանդիպումներուն նախօրեակին, Մարտ 14ին, իրենց քոնկրեսականներուն հեռաձայնելով՝ շեշտեն հայանպաստ շարք մը բանաձեւերու վաւերացման կարեւորութիւնը։
Հեռաձայնելու ցուցմունքներուն համար, այցելել այս նպատակով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին պատրաստած anca.org/call կայքէջը։
Գլխաւոր պահանջները պիտի ըլլան՝ զօրակցիլ Արցախի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու նպատակով նախագահ Օպամային ուղղուած Ռոյս-Շըրմըն նամակին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին օժանդակութեան ամավարկով Հայաստանի եւ Արցախի տրամադրուելիք օժանդակութիւնները աւեցնելու մասին Տոլտ-Փալոն նամակին։
Ասոնց կողքին, կը խնդրուի լուսարձակի տակ առնել հետեւեալները.
– Ապահովել վաւերացումը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուող եւ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած թիւ 154 բանաձեւին, որ նախագահ Պարաք Օպամային կոչ կ՛ընէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կառուցել Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչման հիմքին վրայ: Բանաձեւը նաեւ նպատակ ունի ստեղծել Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած արդար եւ ամբողջական միջազգային արխիւ մը:
– Յորդորել քոնկրեսականները, որ աջակցին Հայաստանի հետ առեւտուրի աւելի արդիական համաձայնագիրի մը գոյացման։
– Աջակցիլ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած թիւ 4264 բանաձեւին, որ կ՛առաջարկէ պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի դէմ, իր քաղաքացիներուն իրաւունքները շարունակաբար ոտնակոխելուն պատճառով։
– Վաւերացնել Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած թիւ 75 բանաձեւը, ուր կոչ կ՛ըլլայ նախագահ Օպամային, որ «ցեղասպանութիւն» որակէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու, ներառեալ՝ հայերու եւ ասորիներու, ինչպէս նաեւ եզիտիներու, քիւրտերու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ իրականացուող զանգուածային ջարդերը:
Նշենք, որ քոնկրեսականներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին, մասնակիցները ճնշում պիտի բանեցնեն ամերիկացի քոնկրեսականներուն վրայ, որպէսզի անոնք գործնականօրէն դէմ դնեն Ատրպէյճանի հետզհետէ սաստկացող սպառնալիքներուն եւ բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ՝ քաջալերեն Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը։
Քննուելիք հարցերուն մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար, կարդալhttp://anca.org/assets/pdf/misc/ANCA_Talking_Points_FlyIn.pdf կայքէջին վրայ տեղադրուած փաստաթուղթը, իսկ Մարտ 15-16ի հանդիպումներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.facebook.com/events/1551178801842046կայքէջը։
Discussion Policy