Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ ս­կաու­տա­կան ­խոր­հուրդ­նե­րու կազ­մա­կեր­պութեամբ՝ դե­ղե­րու հա­ւա­ք ի նպաստ գաղ­թա­կան­նե­րու եւ չքա­ւոր­նե­րու

2015ի ­Նո­յեմ­բե­րէն սկսեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Ս­կաու­տա­կան ­Խոր­հուր­դը եւ Խմ­բա­պե­տու­թիւ­նը, Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ տե­ղա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րու եւ ­Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու բո­լոր քոյ­րե­րու եւ եղ­բայր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, կազ­մա­կեր­պե­ցինք դե­ղե­րու հա­ւա­ք՝ ի նպաստ գաղ­թա­կան­նե­րու եւ չքա­ւոր­նե­րու:

Մեր ան­դամ­ներն ու ի­րենց ծնող­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան խոր զգա­ցու­մով ըն­դա­ռա­ջե­ցին մեր կո­չին ու ի­րենց խան­դա­վառ աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ կրցանք հաս­նիլ մեր նպա­տա­կին, հա­ւա­քե­լով բա­ւա­կան մեծ քա­նա­կու­թեամբ դե­ղո­րայք, որ յանձ­նո­ւե­ցաւ Աշ­խար­հի Բ­ժիշկ­ներ (Médecins du Monde) կազ­մա­կեր­պու­թեան Ա­թէն­քի մասնա­ճիւ­ղին:

Յանձ­նու­մը կա­տա­րե­ցին Շր­ջա­նա­յին Ս­կաու­տա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ՝ քոյր Ագ­նէս ­Թո­քաթ­լեան եւ եղ­բայր­ներ ­Պետ­րոս ­Մի­քա­յէ­լեան եւ Օն­նիկ Ա­ւա­գեան: ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան Ա­թէն­քի գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը՝ տի­կին­ներ Գ. ­Գար­տա­մի­ցի եւ Տ. ­Գու­ցաւ­լի ջեր­մօ­րէն ըն­դու­նե­ցին մեր պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, որ այս ա­ռի­թով ծա­նօ­թա­ցաւ կազ­մա­կեր­պու­թեան շէն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րուն, ո­րոնք բաղ­կա­ցած են պա­հես­տա­նոց­նե­րէ, բժշկա­րան­նե­րէ եւ առ­ժա­մեայ կե­ցու­թեան սրա­հէ մը:

Յո­ւ­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մի սկաուտ­ներս կը փա­փա­քինք խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել մաս­նա­ւո­րա­բար ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, որ միշտ զօ­րա­վիգ կը կանգ­նի մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն, եւ մեր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ազ­նիւ նո­ւի­րա­տուութիւն­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցան մեր այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան:
Միշտ պատ­րաստ՝
մարդ­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան նմա­նօ­րի­նակ ձեռ­նարկ­նե­րու՝
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Ս­կաու­տա­կան ­Խոր­հուրդ
եւ Խմ­բա­պե­տու­թիւն

Ազատ օր

Աթենք

Scroll Up