Դասախօսութիւն Քսանթիի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Քսանթի.jpg)
Հայ Գթութեան Խաչի Քսանթիի «Արաքս» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ Կիրակի՝ 6 Մարտ 2016ի առաւօտեան ժամը 11։30ին, «Կ. Մորալեան» ազգ. սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ։ Դասախօսն էր հայագէտ պրն. Արգամ Այվազեան, որ ներկայացուց «Նախիջեւանի պատմաճարտարապետական ու մշակութային արժէքները» նիւթը։
Ներկայ էին հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, Ազգային Վարչութեան անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան, Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի անդամ տիկ. Ատրիկ Ստեփանեան, Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Թագւոր Քարաօղլանեան եւ անդամներ, միութեան ընկերուհիներ եւ հանրութիւնը։
Բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Շնորհիկ Պալատլեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յատկապէս պրն. Այվազեանին։ Ետքը դասախօսը սահիկներու միջոցաւ ներկայացուց Նախիջեւան քաղաքի մեծ թիւով եկեղեցիներու, գերեզմաններու, խաչքարերու ճարտարագիտութեան պատմականն ու մշակութային հարստութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ ան իր ցաւը յայտնեց այն պատճառով, որ անոնցմէ շատեր անցեալին քանդուած են ազերիներու կողմէ եւ այսօր նկարներէ զատ ոչ մէկ հետք թողած են հայ ժողովուրդին մօտ։
Դասախօսութեան աւարտին եղան շինիչ հարցումներ, որոնց համար պրն. Արգամ Այվազեան տուաւ լուսաբանութիւններ։
Այս մասին կը յայտնէ Ազատ օր: