Յաւելեալ Աշխատաւորական Միութիւններ Կ՛աջակցին Արտաշէս Քասախեանի Ընտրապայքարին

 Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Արտաշէս «Արտի» Քասախեան կը տեղեկացնէ, թէ նաւահանգիստներու աշխատաւորներու միութեան՝ «ILWU»ի Հարաւային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղը որոշած է նեցուկ կանգնիլ իր ընտրապայքարին։

Միութեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ վարչութեան նախագահ Քեթի Ֆամիլաթէ յայտարարած է, թէ Քասախեանին աջակցելու որոշումը հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ Քասախեան շարունակաբար նեցուկ կանգնած է միջին դասակարգի ընտանիքներուն՝ վստահութիւն յայտնելով, որ Սաքրամենթոյի մէջ Քասախեան պիտի նպաստէ լաւ աշխատատեղիներ գոյացնելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ նեցուկ պիտի կանգնի ապագայ սերունդներուն համար աւելի արդար պայմաններ եւ առիթներ ստեղծելու ծրագիրներուն:

Նաեւ, Քալիֆորնիոյ արհեստավարժ հրշէջներու միութիւնը, որ աւելի քան 30,000 անդամներ ունի, որոշած է զօրակցիլ Քասախեանին՝ հետեւելով Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան պաշտպանութեան միութեան կեցուածքին։

«Արտի Քասախեան լաւապէս կը հասկնայ, թէ Քալիֆորնիոյ հրշէջները ինչպիսի՛ զոհողութիւններու կը դիմեն ամէն օր, մեր համայնքները ապահով պահելու համար, եւ այդ պատճառով ալ ան իր կարելին պիտի ընէ՝ հրշէջներուն հարկաւոր սարքաւորումներ ու աջակցութիւն ապահովելու համար», յայտարարած է միութեան նախագահ Լու Փոլսըն։

0310Ardy2

Անցեալ շաբաթ, Քալիֆորնիոյ մէջ մեծագոյն աշխատաւորական համախմբումը հանդիսացող Լոս Անճելըս գաւառի աշխատաւորական դաշնակցութիւնը (AFL-CIO) եւս յայտարարած է, թէ որոշած է ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերել Քասախեանին, որ ապահոված է նաեւ Քալիֆորնիոյ վարժարաններու պաշտօնեաներու միութեան, Սպասարկութեան պաշտօնեաներու միջազգային միութեան (SEIU) տեղական մարմինին եւ աշխատաւորական շարք մը այլ միութիւններու աջակցութիւնը:

Միւս կողմէ, Սան Ֆերնանտօ հովիտի Դեմոկրատ կուսակցութիւնը Մարտ 8ին յայտարարեց, թէ որոշած է զօրակցիլ Քասախեանի ընտրապայքարին՝ ամրապնդելով անոր դիրքը։

Նշենք, որ Դեմոկրատ կուսակցութեան շարք մը այլ կազմակերպութիւններ եւս կ՛աջակցին Քասախեանին, նահանգային, դաշնակցային եւ տեղական մարմիններու բազմաթիւ այլ քաղաքական պաշտօնատարներու կողքին:

2005էն ի վեր Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղարը հանդիսացող Քասախեան թեկնածու է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի ընտրութիւններուն, որոնց նախնական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 7ին: Արտաշէս Քասախեանի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր նիւթապէս նեցուկ կանգնելու համար, այցելել www.ArdyforAssembly.com կայքը:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:
Scroll Up