Հ.Օ.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջան.- Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէս-Վաճառք
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/ó³é½.jpg)
Հ.Օ.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Շրջանային Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Առաջնորդարանի գործակցութեամբ, կազմակերպած է գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէս-վաճառք մը, յառաջիկայ Ապրիլ 2-3-ին, Առաջնորդարանի Վահագն եւ Յասմիկ Յովնանեան սրահին մէջ: Գործերուն մասին տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ մասնագէտ տիկին Վիգի Շողակ Յովհաննէսեան:
Պիտի ներկայացուին գործեր, բազմաթիւ ծանօթ գեղանկարիչներէ, որոնց կարգին.- Գառզու, Ռուբէն Նաքեան, Ասատուր, Սարգիս Համալպաշեան, Արարատ Սարգիսեան, Արշակ Սարգիսեան, Գեղամ Թազեան, Սիմոն Սամսոնեան, Գայանէ Խաչատուրեան, Վահան Ռումելեան: Գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի Հ.Օ.Մ.-ի կրթական հիմնարկին:
Ցուցադրութեան ժամերն են.-
Շաբաթ, Ապրիլ 2, երեկոյեան ժամը 7:00-10:00
Կիրակի, Ապրիլ 3, կ.ե. ժամը 1:00-4:00:
Հասցէ.- The Armenian Prelacy, 138 East 39th St., New York, NY 10016
Այս մասին կը յայտնէ Հայրենիք: