Սոնա Արմէնեան Լեռնագնացութեան Մրցանիշ Հաստատեց
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Armenian-Nabs-Orizaba-Record-pic.jpg)
Հայ լեռնագնացներու միութիւնը Մարտ 7 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Սոնա Արմէնեան մրցանիշ մը հաստատած է Փետրուար 20ին՝ հանդիսանալով Մեքսիքայի բարձրագոյն՝ Օրիզապա լեռը մագլցած ամենատարեց կինը։ Ան այդ իրագործումը իրականացուցած է 67 տարեկան եւ 2.5 ամսական տարիքին։
Նշենք, որ Օրիզապայի 18,491 ոտքնոց (5636 մեթր) գագաթը երրորդ ամենաբարձրն է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։
Սոնա Արմէնեանի այս իրագործումին ընկերացած են Հայ լեռնագնացներու միութեան եւ Հայ լեռնագնացներու ընկերակցութեան 4 այլ անդամներ։ Անոնցմէ միայն երեքը՝ Արթուր Բարսեղեան, Պապ Մասուչի եւ Սոնա Արմէնեան յաջողած են գագաթ հասնիլ։
«Պէտք է ընդունիմ, որ կեանքիս ամենադժուար արշաւն էր, սակայն մեծապէս ուրախ եմ անոր համար։ Նաեւ քաջալերական կը գտնեմ այն իրողութիւնը, որ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով հայեր լեռնագնացութեամբ կը հետաքրքրուին», կը յայտնէ Սոնա Արմէնեան, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով իր ամուսնոյն նեցուկին համար։
Յայտնենք, որ Սոնա Արմէնեան Հայ լեռնագնացներու միութեան հիմնադիրներէն էր եւ աւելի ուիշ անդամակցած է նաեւ Հայ լեռնագնացներու ընկերակցութեան։ Շարք մը այլ լեռներու կողքին, ան նուաճած է նաեւ Արարատի եւ Քիլիմանճարոյի գագաթները։
Հայ լեռնագնացներու միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.armenianhikersassociation.com կայքը, կամwww.facebook.com/home.php#!/groups/521538567895715 կայքէջը:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: