«Ժամանակակից Արուեստի Հայ Վարպետներ» Ցուցահանդէսը՝ Մարտ 12-26
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/0310Arame.jpg)
«Արամէ» ցուցադրասրահի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին եւ «Սիլվանա» ցուցադրասրահին համագործակցութեամբ, «Ժամանակակից արուեստի հայ վարպետներ» խորագրուած ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 12-26, «Սիլվանա» ցուցադրասրահին մէջ։
Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 12ին, երեկոյեան ժամը 6-10։ Անոր ներկայ պիտի ըլլայ արուեստագէտ Սամուէլ Զումեան։
Պիտի ցուցադրուին ստեղծագործութիւնները շարք մը արուեստագէտներու, ներառեալ՝ Ռուբէն Աբովեան, Շոթա Ոսկանեան, Սարգիս Համալպաշեան, Տիգրան Մաթուլեան, Տիգրան Պարխանաճեան, Գագիկ Գազանճեան, Ռուբէն Գրիգորեան, Արամ Յակոբեան, Աւետիս Խաչատրեան, Մարաթ Մարգարեան, Արամազդ Պետրոսեան, Քարլոս Սայաթեան, Լիլիթ Սողոմոնեան եւ Կայծ Վանիքեան։
«Սիլվանա» ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 1731 West Glenoaks Blvd. suite 200, Glendale, CA 91201։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 662-7070 եւ (818) 433-5400 թիւերուն կամ info@silvanagallery.com հասցէին։ Ցուցադրասրահի կայքին հասցէն է՝ www.silvanagallery.com։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: