«Տէրեան Մշակութային Կեդրոն»-ի Պատասխանատու Անի Մարգարեան Դասախօսեց Հայկական Տարազներու Եւ Ասեղնագործութեան Մասին

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 9 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ Երեւանի «Տէրեան մշակութային կեդրոն»-ի պատասխանատու Անի Մարգարեան դասախօսեց հայկական տարազներու եւ ասեղնագործութեան մասին: Սրահին մուտքին ցուցադրուած էին հայկական տարազներու նմուշներ, տարազներու պատկերներ, հայկական ձեռագործ տիկնիկներ, էջադիրներ, նաշխեր եւ այլ իրեր:

Անի Մարգարեան ողջունեց ներկաները, ապա սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց հայկական տարազի վերստեղծումը եւ տարածումը: Ան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ տարազները հայկական աւանդական հագուստներն են, զորս կրած են մեր նախնիները հայկական լեռնաշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ գաղթավայրերու կամ տարբեր գաղութներու մէջ: Ան յայտնեց, որ տարազը կ՛ընդգրկէ կօշիկ, արդուզարդեր, գլխազարդեր, գլխակապ, գօտի եւ այլ մասեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի զայն կրելու աւանդութիւնը եւ յաջորդականութիւնը:

Անի Մարգարեան նշեց, որ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Հայաստանի մարդիկ սկսած են միակերպ հագնիլ, որուն հետեւանքով հայկական տարազներու գործածութիւնը գրեթէ վերացած է, բայց պահպանուած` գիւղերուն մէջ միայն: Մարգարեան անդրադարձաւ «Տէրեան մշակութային կեդրոն»-ի հիմնադրութեան, որ տեղի ունեցած է  2000 թուականներու սկիզբը, երբ քիչեր հետաքրքուած եղած են հայկական տարազով: Ան ըսաւ, թէ կեդրոնը շեշտադրած է ձեռագործ աշխատանքը, ասեղնագործութեան տարբեր գործերը, ինչպէս`  Մարաշի, Ուրֆայի, Վանի, Այնթապի եւ այլն:

deryan_030916

Ան դիտել տուաւ, թէ «Տէրեան մշակութային կեդրոն»-ը որոշակի յաջողութիւններէ ետք աշխատած է ու կ՛աշխատի ընդլայնել իր հաւաքածոն, նոյն ատեն իր գիտելիքները կը փոխանցէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին սորվիլ ասեղնագործութիւնը:

Անի Մարգարեան ներկաներուն բացայայտեց տարազներու հետ կապուած խնդիրները, ինչպէս` աղբիւրներու սակաւութիւնը, գիտական նիւթերու պակասը, թանգարանային նմուշներու սակաւութիւնը, տարազներու զարդանաշխերու խորհրդաբանութիւնները: Ան նշեց, որ թէեւ զարդանաշխերու հիմնական երկու իմաստը պահպանելու կամ պտղաբերութեան մէջ կարելի է տեսնել, այնուամենայնիւ անիկա ուսումնասիրութեան կարիք ունի:

Ան անդրադարձաւ նաեւ  տարազներու վերստեղծման հետ կապուած խնդիրներուն, ինչպէս` կտորներու եւ նիւթերու անբաւարարութիւն, գոյներու եւ գունային համադրումը,  տարբեր բաղադրամասեր կրելու աւանդութիւնը, ժամանակը եւ հերթականութիւնը:

Իսկ խօսքի աւարտին Անի Մարգարեան անդրադարձաւ «Տէրեան մշակութային կեդրոն»-ի գործունէութիւններուն, տարած աշխատանքին եւ ձեռք բերած յաջողութիւններուն: Ան կարեւոր նկատեց  համագործակցութիւնը զբօսաշրջութեան ընկերութիւններուն հետ, ցանցային քարոզչութեան ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը, բարեգործական նախագիծերու մասնակցութիւնը, երգի ու պարի խումբերու տարազներու պատրաստութիւնը, ամառնային դպրոցներու աշակերտներու այցելութիւնը  կեդրոն, տարբեր բնոյթի փառատօներու մասնակցութիւնը եւ մանաւանդ Արցախ այցելութիւնները:

Ան յայտնեց, որ «Տէրեան մշակութային կեդրոն»-ը աշխատանքային այցելութիւններ ունեցած է Լենինկրատ, Մոսկուա, Պրիւքսէլ եւ Հնդկաստան:

Անի Մարգարեան անդրադարձաւ նաեւ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն եւ միջազգային մամուլին առաջին արձագանգին` հայկական տարազներուն եւ «Տէրեան մշակութային կեդրոն»-ին մասին:  Ան նկատել տուաւ, որ տարազը կարգ մը արուեստագէտներու համար դարձած է ներշնչանքի աղբիւր, եւ անոնք ստեղծագործած են:

Դասախօսութեան աւարտին ան ներկաներուն ցոյց տուաւ տարազներու տարբեր նմուշներ` տալով իւրաքանչիւր կտորի մասին տեղեկութիւններ, անոնց կրելու ձեւին, աւանդութեան, վայրին, գոյներու եւ ասեղնագործութեան հետ կապուած տեղեկանք եւ այլն: Ան ըսաւ նաեւ, որ վերջերս կեդրոնը ներկայացուցած է ժամանակակից հագուստներ, որոնց պատրաստութեան համար օգտագործուած են հայկական գորգերու թանգարանային նմուշներու նաշխերն ու տարրերը:

Դասախօսութեան աւարտին Անի Մարգարեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up