Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան Տարեկան Հաւաքը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/0211Day-of-Prayer1.jpg)
Ուրբաթ, Մարտ 4ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին հիւրընկալեց Կանանց համաշխարհային աղօթքի օրուան 46րդ տարեկան հաւաքը: Մասնակից էին Հայց. առաքելական, Հայ կաթողիկէ, Հայ աւետարանական, Նազովրեցի եւ Եղբայրութիւն եկեղեցիներէն տիկիններ: Օրուան բնաբանն էր Մարկոսի աւետարանի 10րդ գլխուն 14րդ համարը. «Թոյլ տուէք մանուկներուն, որ ինծի գան»:
Հանդիպումը սկսաւ հիւրասիրութեամբ մը. ապա, կանանց աղօթքի պահէն ետք, արարողութիւնը ընթացք առաւ հոգեւորականներու հանդիսաւոր մուտքով: Բացման աղօթքը կատարեց Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան: Երգուեցան շարականներ, արտասանուեցան սաղմոսներ, ընթերցուեցան աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ:
Պատգամներ ուղղեցին Հայց. առաքելական եւ Հայ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, ողջոյնի խօսք ուղղեցին կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչները, ապա հայերէն եւ անգլերէն պատգամներ փոխանցուեցան։
Եզրափակիչ խօսքն ու փակման աղօթքը կատարեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Ան անդրադարձաւ աղօթքի այդ օրուան բնաբանին եւ յիշեցուց, որ Յիսուս յատուկ եւ խորունկ սէր ունէր մանուկներուն նկատմամբ, հետեւաբար, հաւատացեալ քոյրերն ու մայրերը յորդորեց սէր եւ հոգածութիւն ցուցաբերել մանուկներուն, եւ անոնց նման ըլլալ հեզ, խոնարհ, մաքուր հոգիով եւ հաւատքով լեցուն:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: