Ամերիկահայ Ճարտարագէտներու Եւ Գիտնականներու Ընկերակցութեան 2016ի Վարչութիւնը

Իր տարեկան անդամական ժողովին, Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը ներկայացուցած է 2016ի վարչութիւնը, որուն անդամներն են՝ Ռազմիկ Ղարախանեան (ատենապետ), Վրէժ Աղաճանեան (փոխատենապետ), դոկտ. Մարինա Կեւրեքեան (նախորդ ատենապետ), Ռիչըրտ Օհանեան (գործադիր քարտուղար), Ժիրայր Թուրկութեան (գանձապահ), Արամ Սէթեան, Արին Ապետ, Շանթալ Տէր Պօղոսեան, Վազգէն Ղուկասեան, Քրիսթ Քիրիքեան, Ճան Շիրաճեան, Գրիգոր Թասմաճեան, Արամ Տէր Մարտիրոսեան եւ Էրիք Եսայեան (խորհրդականներ):

Ժողովին ընթացքին, նախորդ տարեշրջանի ատենապետ դոկտ. Մարինա Կեւրեքեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց անցեալ տարեշրջանի գործունէութեան եւ իրագործումներուն մասին, ապա ներկայացուց նոր ատենապետը՝ Ռազմիկ Ղարախանեանը, որ 2016ին իրագործուելիք ծրագիրներուն, ընկերակցութեան անդամներուն թիւը բազմացնելու եւ գործունէութիւնը ընդարձակելու նախաձեռնութեանց մասին խօսեցաւ:

Այդ նախաձեռնութիւններէն մէկն է հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու համապարբակ անուանացանկ մը պատրաստելը։ Այս, ինչպէս նաեւ համացանցային ընկերային ցանցերու մէջ ընկերակցութիւնը աւելի երեւելի դարձնելու ջանքեր իրականացնելու եւ Հայաստանի հետ կապերը ամրապնդելու նպատակով իրագործուելիք ծրագիրներուն համար կատարուելիք նուիրատուութիւնները կրկնապատկելու (մինչեւ 15,000 տոլար) խոստում մը տուաւ Յարութ Պրոնոզեան։

Նաեւ, ընկերակցութեան Երիտասարդ արհեստավարժներու յանձնախումբի համաատենապետները յուշատախտակ մը յանձնեցին դոկտ. Մարինա Կեւրեքեանին՝ երախտագիտութիւն յայտնելով յատկապէս նոր սերունդի ներկայացուցիչները ներգրաւելու գծով անոր տարած աշխատանքին համար։

Այնուհետեւ Էլենա Սեմերճեան ներկայացուց Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած այն բանաձեւը, ուր լուսարձակի տակ առնուած են ընկերակցութեան իրագործումները եւ համայնքային սպասարկութիւնները։ Բանաձեւը ներկայացուած էր նահանգային խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի կողմէ։

Անցեալ եւ ապագայ գործունէութեանց մասին տեղի ունեցած հարցում-պատասխանի բաժինէն եւ խորհրդակցութիւններէն ետք ժողովը փակուած յայտարարուեցաւ։

1983ին հաստատուած այս ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aesa.org կայքը, կամ դիմել (818) 547-3372 թիւին ու contact@aesa.org հասցէին:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up