Ի Սկզբանէ Էր Ֆրեզնօն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/apo-oreorin.jpg)
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայ համայնքի կազմակերուած կեանքի սկիզբը դրուած էր Ֆրեզնոյի մէջ:
Ֆրեզնոյի մէջ, 1908ին ծնունդ առած «Ասպարէզ»ի առաջին խմբագրականին մէջ կը կարդանք.
«Ֆրեզնոյի եւ շրջաններու հայ գաղութը երթալով կ՛աճի: Վերջին վեց-եօթը տարուան հոսանքը, որ վտարանդի հայը թէ՛ Ամերիկայի Արեւելեան նահանգներէն, թէ՛ Հայաստանի ամէն կողմերէն դէպի Քալիֆորնիա, մասնաւորապէս դէպի Ֆրեզնօ կը քշէ, Ամերիկայի հայ գաղութներուն մէջ եզական դիրք մը տուած է Ֆրեզնոյին»:
Ֆրեզնօն ու անոր յարակից գիւղաքաղաքները՝ Ֆաուլըր, Սելմա, Քինկզպըրկ, Փարլիըր, Ռիտլի, Եդեմ եւ այլք, աշխոյժ ազգային կեանքով ապրած են՝ գործող միութիւններով, յաճախ եկեղեցիներով ու հայ կեդրոններով օժտուած:
Տարիներու ընթացքին, հետզհետէ Ֆրեզնօն ու իր յարակից շրջանները կորսնցուցած են իրենց թուային գերակշռութիւնը, եւ համայնքի կարեւոր կազմակերպութեանց կեդրոնները փոխադրուած են, իսկ նորերը՝ հիմնադրուած են Լոս Անճելըսի տարբեր քաղաքներու մէջ:
Տարիներու շարունակական նահանջէ ետք, յատկապէս վերջին տասնամեակին, Ֆրեզնոյի հայկական բնակչութիւնը վերստին աճի միտումներ ցոյց կու տայ: Բայց նոյնիսկ եթէ այս թուական աճը չըլլար, Ֆրեզնոյի հայ համայնքը իր մէջ մի՛շտ պահած պիտի ըլլար ազգային կեանքի զարթօնքի անհրաժեշտ բոլոր տուեալները՝ իր ազգային հաստատութիւններով ու միութիւններով:
Կիրակի, 28 Փետրուարին, Ֆրեզնոյի մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան 125րդ ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան անդրադարձաւ այդ պատմական համայնքին երբեմնի փայլքը վերադարձնելու անհրաժեշտութեան:
Դաշնակցական գործիչին Ֆրեզնոյի համայնքի վերաշխուժացման վրայ դրած շեշտը անպայմանօրէ՛ն իր դրական հետեւանքները պիտի ունենայ շրջանին վրայ, նախ եւ առաջ՝ տեղական կառոյցներու ներքին հնարաւորութիւններու թափահարումով, ապա՝ համագաղութային կարելիութիւններու նպատակային ուղղորդումով դէպի տեղւոյն գործող կառոյցները:
Ֆրեզնոյի հայ համայնքը ուշադրութեան կեդրոն դարձնելու ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի այս յայտարարութիւնը առաջին դրսեւորումն է տեղատուութիւնը մերժելու դիրքորոշումին, որուն պիտի յաջորդեն գործնական այլ աշխատանքներ, որոնց յաջողութեան գրաւականը, սակայն, կրնան տալ միա՛յն իրենք՝ Ֆրեզնոյի հայերը, որոնք ներքին համերաշխութեան ուխտով ճամբայ պէտք է ելլեն՝ վերականգնելու համար ՀԱՅԿԱԿԱՆ Ֆրեզնօն:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ