Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Հելեն Պատարօ, Լենա Ժըպրան, Քլոտիա Մարշալեան Եւ Ասմա Զէյն Պարգեւատրուեցան Հայկազեան Համալսարանին Կողմ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Haigazian_030916.jpg)
Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին, երեքշաբթի, 8 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, լիբանանցի չորս կին դէմքեր պարգեւատրուեցան Կիներու միջազգային օրուան առիթով:
Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Արտա Էքմեքճի ողջունելով ներկաները բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` շնորհաւորելով բոլոր կիները: Պատմական հակիրճ ակնարկով մը, դոկտ. Էքմեքճի ներկայացուց համալսարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի գործունէութեան գլխաւոր կէտերը, 1999-ին այդ գործունէութեան սկիզբէն մինչեւ օրս: Ան նշեց, որ ապահովական պատճառներով մարմինին գործունէութիւնը ընդհատուած է: Այս ձեռնարկով Տիկնանց օժանդակ մարմինը կու գայ վերակենդանացնելու իր առաքելութիւնը: Դոկտ. Էքմեքճի բարձր գնահատեց մարմինի անցեալի ժրաջան գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կարեւոր նեցուկ հանդիսացած է համալսարանին:
Ապա Տիկնանց օժանդակ մարմինի նախագահ Թերին Հասըրճեան իր ողջոյնի խօսքով վեր առաւ մարմինին գործունէութեան թիրախն ու տեսլականները, որոնք առանցքը կը կազմէին ու կը կազմեն պարգեւատրեալ կիներուն: Հասըրճեան յայտնեց, որ ցարդ մարմինը պարգեւատրած է քառասուն կին դէմքեր, որոնք իրենց ինքնատիպ եւ օգտաշատ գործունէութեամբ անջնջելի դրոշմ ձգած են լիբանանեան հասարակական թէ ընկերային կեանքին մէջ:
Հասըրճեան աւելցուց, որ նոյն մտասեւեռումով մարմինը այսօր եկած է պարգեւատրելու չորս նոր դէմքեր, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են լիբանանեան կեանքի զանազան մարզերուն մէջ:
Ապա համալսարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատու Միրա Եարտըմեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան չորս իգական դէմքերը:
Հելեն Պատարօ յիսնամեայ իր գործունէութեամբ ուշագրաւ ներդրում ունեցած է Լիբանանի կրթական եւ մշակութային մարզերուն մէջ: Եղած է հիմնադիր անդամ «Լուիս Ուեկման» քոլեճին, ինչպէս նաեւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Նախագահներու ակումբ»-ին, ինչպէս նաեւ Պաալպեքի փառատօնին եւ այլ շրջաններու թանգարաններուն մէջ (ամերիկեան համալսարանի, Թըրպոլի եւ ազգային թանգարաններ եւ այլն…):
Լենա Ժըպրան` 2006-ին արկածի զոհ գացած Հատիի մայրը, որ վճռակամօրէն յաջողեցաւ շրջանցել կորուսեալ զաւկին սուգը եւ երկու ամիս անց արդէն անոր յիշատակը յաւերժացուց` հիմնելով «Քուն Հատի» ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը: Լենա Խուրի-Ժըպրան յաջողեցաւ անցնող տասնամեակին լիբանանցի երիտասարդութիւնը զգուշացնել ինքնաշարժը արագօրէն եւ գինով վիճակի մէջ վարելու մահասփիւռ սովորութենէն` հերթաբար կազմակերպելով նախազգուշացման արշաւներ:
Վերջին շրջանին յատկապէս լիբանանեան պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերու հեղինակութեամբ հանրածանօթ Քլոտիա Մարշալեան իւրայատուկ դրոշմ ունեցած է լիբանանեան մշակութային, ֆիլմարուեստի եւ առհասարակ լսատեսողական մարզերուն մէջ: Ֆիլմաշարի վերածուած անոր բեմագրութիւններուն յաջողութիւնը շրջանցելով լիբանանեան արուեստի շրջանակները, արձագանգ գտաւ նաեւ արաբական աշխարհին մէջ (Ծոցի երկիրներ, Եգիպտոս…): Սակայն անոր մտայղացքին գլուխ գործոցը` «Որովհետեւ հայ են» վաւերագրական ժապաւէնը, թեւ ու թռիչք տուաւ անոր համբաւին` շեշտելով իր հայկական պատկանելիութիւնը: Հայախօս չըլլալով հանդերձ, Մարշալեան յաջողեցաւ հայուն ցաւը իմացնել յատկապէս արաբական աշխարհին: Ան եղած է միջազգային փառատօներու դատական կազմերու անդամ, ինչպէս նաեւ վարած է (մինչեւ օրս) լիբանանեան «Սթար Աքատեմի» յայտագիրի պատասխանատուութիւնը (director)` միաժամանակ պահելով դերասանի իր հանգամանքը:
2015-ին «Լիբանանցի գործարար կիներ» կազմակերպութեան նախագահ ընտրուած Ասմա Զէյն կարեւոր պաշտօններ վարած է հանրածանօթ «Արամեքս» ընկերութեան մէջ: Կանուխ տարիքէն վաճառականական հակումներով կլանուած այս կին յառաջատար դէմքը, կարեւոր իրագործումներ արձանագրած է նաեւ արտերկրի մէջ` հասնելով մինչեւ արեւմտեան Ափրիկէ: Խորհրդատու մարմինի անդամ եղած է մէկէ աւելի կառոյցներու մէջ («Ամիտիսթ», «Ինֆոֆորմ» Պէյրութի ամերիկեան համալսարան եւ այլն):
Նշենք, որ պարգեւատրեալ այս չորս իգական դէմքերը իրենց օգտաշատ գործունէութեամբ արժանացած են մէկէ աւելի տեղական թէ միջազգային հանգամանաւոր մարմիններու գնահատանքին եւ պարգեւատրուած յատուկ յուշանուէրներով:
Աւարտին, իր սրտի խօսքը ուղղեց համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ նշեց, թէ այս հանդիսութիւնը ոչ միայն կիներուն նուիրուած է, այլ` համայն Լիբանանին` տրուած ըլլալով, որ իրենց լիբանանեան պատկանելիութեամբ եւ ստեղծագործ, իւրայատուկ իրագործումներով իգական սեռը մեծ համեմատութիւն կը կազմէ աշխատանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն եւ առհասարակ լիբանանեան իրականութեան մէջ:
Վեր. Հայտոսթեան թուեց, թէ համալսարանի ուսանողութեան 63 առ հարիւր համեմատութիւնը իգական սեռին կը պատկանի: Նպաստընկալ ուսանողներուն 67 առ հարիւրը կրկին իգական սեռէն է: Ուսուցչական կազմին 50 առ հարիւր համեմատութիւնը դարձեալ իգական սեռէն է, իսկ պաշտօնէութեան` 69 առ հարիւրը:
Հայտոսթեան մեծ դրուատիքով արտայայտուեցաւ համալսարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին մասին` ընդգծելով, որ կիները շնորհաւորելով նաեւ շնորհաւորած կ՛ըլլանք Լիբանանը: Ան մաղթեց, որ Աստուած օրհնէ արական եւ իգական տարրերու անհրաժեշտ համերաշխութիւնը:
Ապա դոկտ. Հայտոսթեան բեմ հրաւիրեց Թերին Հասըրճեանը, անոնք միասնաբար յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրեցին նշեալ չորս իգական դէմքերը:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր, որուն ընթացքին սոփրանօ դոկտ. Ռիմ Տիպ ելոյթ ունեցաւ յատուկ մեներգով` դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ Լուսին Փանճարեանի: Ինչպէս նաեւ Ռուբինա Արթինեան սրինգով, իսկ Լուսին Փանճարեան դաշնակով միասնաբար ելոյթ ունեցան յաւուր պատշաճի նուագով:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: