ITB Berlin 2016 Միջազգային Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին Արցախը Ներկայացած Է Առանձին Տաղաւարով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/39903.jpg)
Շարունակելով ԼՂՀ Տնտեսութեան նախարարութեան` թիրախային շուկաներուն մէջ ԼՂՀ զբօսաշրջութեան արդիւնքը հանրահռչակելու քաղաքականութիւնը` Արցախի պատուիրակութիւնը ս.թ. Մարտ 9-13 առանձին տաղաւարով կը ներկայացնէ ԼՂՀ ITB Berlin 2016 միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին:
ԼՂՀ Տնտեսութեան Նախարարութեան փոխանցմամբ` ցուցահանդէսի բացման առաջին իսկ ժամերէն Արցախի տաղաւարը մեծ հետաքրքրութիւն կ’առաջացնէ ցուցահանդէսի այցելուներուն մօտ: ԼՂՀ պատուիրակութիւնը արդիւնաւէտ աշխատանքներ կ’իրականացնէ ցուցահանդէսի տարածքին` տաղաւարի այցելուներուն փոխանցելով տեղեկատուութիւններ Արցախի մասին:
Այցելուներուն նաեւ կը բաժանուի Արցախի զբօսաշրջավայրերու մասին պատմող գրականութիւն, ֆիլմերով սկաւառակներ, քարտէզներ եւ այլն: ITB Berlin-ը կը հանդիսանայ Եւրոպայի մէջ խոշորագոյն զբօսաշրջային ցուցահանդէսը, որ կը հիւրընկալէ գրեթէ երկու հարիւր հազար այցելու աշխարհի 185 երկիրներէ:
Ցուցահանդէսը կարեւոր է նաեւ երկկողմ ուղղակի կապեր հաստատելու առումով, քանի որ այն կը հիւրընկալէ զբօսաշրջային ոլորտի յառաջատար մասնագէտներու ու ընկերութիւններու եւ Արցախի մասնակցութիւնը տուեալ ձեռնարկին զբօսաշրջութեան զարգացման համար կարեւոր նշանակութիւն կը ստանայ: