Սումկայիթեան Ջարդերու 28-րդ Տարելիցին Նուիրուած Հոգեհանգստեան Արարողութիւններ ԱՄԷ-ի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Սումգայիթ.jpg)
Մարտ 4-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ ազգային վարչութիւններու համատեղ ջանքերով Շարժայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ապու Տապիի Սբ. Նահատակաց եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան սումկայիթեան ջարդերու 28-րդ տարելիցին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւններ` ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի նախագահութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն ԱԳՆ-ի մամլոյ ծառայութենէն:
Պատարագներուն յաջորդեցին յիշատակի արարողութիւններ եկեղեցիներու` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար-յուշարձաններուն մօտ:
Արարողութիւններուն ներկայ էին ԱՄԷ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի անդամներ եւ հիւրեր, որոնք աղօթեցին սումկայիթեան զոհերու արդար յիշատակին, համայն հայութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի անսասանութեան համար: