Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունք. «Հայ Եկեղեցին Եւ Ներկայ Արհեստագիտութիւնը» Նիւթով Կլոր Սեղան

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին շաբաթ, 5 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ «Հայ եկեղեցին եւ ներկայ արհեստագիտութիւնը» խորագիրով կլոր սեղան մը, «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

Կլոր սեղանին բացման խօսքը արտասանեց Գրիգոր Ալլոզեան, որ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց արհեստագիտութեան զարգացումն ու անոր բերած մարտահրաւէրները` նշելով, որ «արհեստագիտութիւնը կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ առկայ է, առաւել կամ նուազ համեմատութեամբ, եւ եկեղեցին` իբրեւ հաւատացեալներու խումբ, ուր մարդ արարածը կը գտնուի կեդրոնական դերի մէջ, կ՛օգտագործէ արհեստագիտութիւնը եւ զայն կը ներառէ եկեղեցի հասկացողութեան շրջագիծին մէջ»: Ալլոզեան կարեւոր նկատեց տարբեր  եկեղեցիներու կողմէ նշանակուած մասնագէտներուն տուեալ եկեղեցիներու առաքելութիւններուն քաջատեղեակ ըլլալը, որպէսզի ատիկա ըլլայ նպատակայարմար, եւ եզրափակեց ըսելով, որ «արհեստագիտութեան օգտագործումը պէտք է ըլլայ ներդաշնակ տուեալ եկեղեցւոյ աստուածաբանական, ծիսական եւ արարողական տուեալներուն, բան մը, որ կ՛ենթադրէ ծրագրում եւ ուսումնասիրութիւն»:

arhesd-2_030716

Կլոր սեղանին առաջին զրուցակիցն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ  Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Սահմանելէ ետք «արհեստագիտութիւն» եւ «եկեղեցի» բանալի բառերը, հայր սուրբը ընդգծեց, որ արհեստագիտութեան եւ եկեղեցւոյ յարաբերութեան շուրջ ծագած վէճերը դարեր շարունակ եղած են բանականութեան եւ եկեղեցւոյ յարաբերութեան ընդմէջէն: Ան վստահեցուց, որ անկարելի է անտեսել արհեստագիտութիւնը եկեղեցւոյ մակարդակին վրայ, սակայն առանց մոռնալու հաւատացեալ ժողովուրդին ապրած հոգեկան զարթօնքին մասին: «Արհեստագիտութիւնը չ՛արգիլեր հաւատքին հզօրացումը», ըսաւ հայր սուրբը` տալով բազմաթիւ օրինակներ, որոնցմով արհեստագիտութեան լաւ գործածութեան ճամբով կարելի կը դառնայ հաւատացեալը կապի մէջ պահել եկեղեցւոյ հետ: Հայր սուրբը խօսեցաւ հոգեւոր հովիւներուն առաքելութեան մասին, որն է Աւետարանի քարոզչութիւնն ու տարածումը, եւ ներկայիս, եթէ ատիկա կարելի է կատարել արհեստագիտութեան ընծայած միջոցներով, ուրեմն հաւատացեալը կը մօտենայ եկեղեցւոյ»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ պէտք է եկեղեցին արհեստագիտութիւնը օգտագործէ, հայր սուրբը ընդգծեց այս մէկը ինքնանպատակ չդարձնելու կարեւորութիւնը եւ շեշտեց, որ թէկուզ արհեստագիտութիւնը տարածքներ կը մօտեցնէ, սակայն Աստուծոյ տունին մէջ հաւատացեալին զգացած հոգեկան ջերմութիւնը կը մնայ ֆիզիքական ներկայութեան ընդմէջէն ստացած սնունդ:

Կլոր սեղանին երկրորդ զեկուցաբերն էր Հայկազեան համալսարանի տեղեկատուութեան արհեստագիտութեան մասնագէտ եւ համակարգչային գիտութիւններու դասախօս Շանթ Ստեփանը: Ստեփան խօսեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու արագընթաց փոփոխութիւններուն մասին եւ շեշտեց, թէ այդ միջոցներուն գործածութեան ձեւը կ՛որոշէ արդիւնքին դրական կամ ժխտական ըլլալը: Ան կարեւոր նկատեց եկեղեցւոյ արհեստագիտութեան օգտագործումը յանձնելը մասնագէտներու, որոնք շատ աւելի դիւրին քայլ կը պահեն փոփոխութիւններուն հետ: Ստեփան իր խօսքին մէջ թուեց կարգ մը միջոցներ, որոնց օգտագործումը կրնայ օգուտ բերել եկեղեցւոյ եւ իր հաւատացեալներուն յարաբերութեան զարգացման եւ ամրապնդման համար, ինչպէս` ե-նամակի, հեռախօսային ծրագիրներու, համացանցային կարճ ներկայացումներու շարքեր (podcast), հեռախօսային կարճ հաղորդագրութիւններ (push notification), եկեղեցւոյ կայքին միջոցով ներբեռնուելիք փաստաթուղթեր եւ այլն: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ այս բոլորին համար յստակ պատասխաններ ունենալը, թէ ի՞նչ է եկեղեցւոյ նպատակը այս արհեստագիտութեան օգտագործումէն, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութեան մը ընդմէջէն գիտնալ, թէ ի՞նչ կ՛ուզէ հաւատացեալը եկեղեցւոյ արհեստագիտութեան օգտագործումէն:

Կլոր սեղանին ընթացքին տեսագրութիւններու միջոցով Նիւ Եորքէն Նարեկ քհնյ. Թրթռեանն ու Քեմպրիճէն Գեղարդ վրդ. Քիւսպէքեան, որոնք խօսեցան իրենց եկեղեցիներուն մէջ արհեստագիտութեան օգտագործման ձեւերուն եւ արդիւնքներուն մասին:

Նիւթին շուրջ քննարկումը, որ տեղի ունեցաւ կլոր սեղանին ամբողջ ընթացքին, աւարտեցաւ հիւրասիրութեան շուրջ:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up