Հոլանտայի Մաստրիխտի Կիրակնօրեայ Դպրոցի Սաները Անակնկալ Մատուցած Են Մարտ 8-ի Առիթով

Հոլանտական Մաստրիխտ քաղաքի «Անի» հայ համայնքի անդամները, թէեւ հեռու հայրենիքէն, բայց կ’ապրին բուռն հայկականութեամբ շնչող կեանքով: Տեղի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը ըրած է անհրաժեշտը, որպէսզի այստեղ այցելող իւրաքանչիւր հայ զգայ որպէս համայնքի լիարժէք անդամ:

Հերթական անգամ կիրակնօրեայ սուրբ եւ անմահ Պատարագէն ետք  հաճելի անակնկալ մատուցեցին Մաստրիխտի կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները: Անոնք մեսրոպեան մայրենիով ելոյթներ   պատրաստած էին` նուիրուած կանանց տօնին: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը` յղում կատարելով «Նիտերլանտական օրագիրին»:

Մանկան պարզութեամբ մատուցուած  երգն ու պարը, արտասանութիւնները լաւագոյն նուէրն էին յատկապէս անոնց մայրերուն, քոյրերուն ու տատիկներուն` գարնան զարթօնքի տօնին, Մարտ 8-ի առիթով:

Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ու «Անի» հայ համայնքի ջանքերով մինչեւ Ապրիլ 7` Մայրութեան ու գեղեցկութեան տօնին ընդառաջ, պիտի կազմակերպուին  շարք մը այլ ձեռնարկներ:

12788221_10205558289944598_594502388_n.jpg

Scroll Up