The Guardian. Սուրիահայերը Նոր Համ Կու տան Հայկական Խոհանոցին

The Guardian  պարբերականը անդրադարձած է սուրիահայերու խոհանոցի անբաժան լահմաճոյի պատրաստմանը պատմական հայրենիքի` Հայաստանի մէջ:

«Քսանութ տարեկան սուրիահայ Կայծակ Ճապախչուրեան չորս տարի առաջ իր ընտանիքին հետ միասին ռազմական գործողութիւններու պատճառով հեռացած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն, ուր մեծ թիւով  հայեր կը բնակին: Սուրիահայ փախստականներէն շատերը, ինչպէս եւ Ճապախչուրեանները, իրենց հետ Հայաստան  բերած են ազգային խոհանոցի նոր համեր, ինչպիսիք են լահմաճոն, մուհամարան` լցոնած պղպեղը, ֆաթուշ աղցանը` հազարով եւ լաւաշի կտորներով, ֆալաֆելը»,- կը գրէ պարբերականը:«Մենք աւանդական լահմաճոն աւելի բարկահամ դարձուցած ենք, քանի որ ութ տեսակի համեմունքներ  կ’աւելցնենք»,- ըսած է Ճապախչուրեան:

Կայծակը պարբերականին  տրամադրած է նաեւ սուրիա-հայկական լահմաճոյի պատրաստման բաղադրատոմսը: Լահմաճոները ըստ իրենց համեմունքներուն, նաեւ անուններ ունին: Օրինակ, տաւարի միսով լահմաճոն կը կոչուի Երեւանեան, իսկ սոխով եւ ազատքեղով համեմուածը` Գիւմրի: թէեւ լահմաճոն նորութիւն չէ Հայաստանի համար, տեղի բնակիչները, այնուամենայնիւ, համային յստակ տարբերութիւն կը տեսնեն տեղական եւ Հալէպի լահմաճոյի միջեւ:

«Ատիկա համերու ֆանտաստիկ փունջ է»,- կը նշեն վերջիններս:

ՄԱԿ-ի փաստականներու հարցերով երեւանեան համակարգող Անահիտ Հայրապետեան աւելցուցած է, որ Հայաստանի մէջ Մերձաւոր արեւելքի խոհանոցները ներկայացնող ճաշարաններու թիւը աւելցած է 2011 թուականէն  յետոյ, երբ Սուրիայէն պատմական հայրենիք ժամանած են բազմաթիւ փախստականներ: Այժմ ատոնց թիւը 50-է աւելի է մայրաքաղաքին մէջ: Վերջիններուս կ’ոգեւորէ այն փաստը, որ տեղացիները ուրախութեամբ կ’ընդունին իրենց առաջարկուած նոր համերն ու ուտեստները:

Հայերէն թարգմանութիւնը՝ Panorama.am-ի:

Scroll Up