Տաւութօղլուի Դէմ Հայերուն Վիրաւորելու Հիմնաւորմամբ Դատական Հայց Ներկայացուած Է

Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւնը հայերուն վիրաւորելու հիմնաւորմամբ Սթամպուլի Չաղլայեան արդարադատութեան պալատ դատական հայց  ներկայացուցած է վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուի եւ Աշքալէի քաղաքապետ Էնուէր Պաշարանի դէմ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական Demokrathaber.net-ը:

Տաւութօղլուն Փետրուար 27-ին Պինկեոլնի մէջ (Բիւրակն) ունեցած ելոյթին ժամանակ քննադատած էր քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան` մեղադրելով անոնց «հայկական հրոսակախումբերու նման ռուսերու հետ համագործակցելու» մէջ: Աւելի ուշ` Մարտ 3-ին վարչապետի խօսքերը Աշքալէի մէջ կազմակերպուած համագումարին ժամանակ կրկնած էր Պաշարան` շնորհակալութիւն յայտնելով «փառապանծ նախնիներուն, որոնք այս հողերէն մաքրած, նետած են հայերուն»:

Սթամպուլի Չաղլայեան արդարադատութեան պալատին մօտ հաւաքուած իրաւապաշտպանները նախքան հայցը ներկայացնելը յայտարարութիւն մը ըրած են` ընդգծելով, որ ամիսներ շարունակ երկրի քրտաբնակ շրջաններուն մէջ թրքական զինուժին կողմէ իրականացուող գործողութիւնները կը զուգորդուին հայերու դէմ ցեղապաշտական քայլերով:

Օրինակ, վճարուած հարկերէն գոյացած գումարով գնուած զրահամեքենաները կը շրջին փողոցներով եւ կը յայտարարեն. «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ հայ վիժուածքներ էք»: «Հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրականացուած է, անոնց հարստութիւնը բռնագրաւուած, հայերու ու միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութիւնը համակարգուած կերպով ոչնչացուած է: Կարծես այս ամէնը բաւական չէ, հանրապետութեան ողջ պատմութեան ընթացքին եւ անգամ այսօր մնացած  բուռ մը հայերուն ստորացնելու, անոնց կեանքը սպառնալիքի ենթարկելու նպատակով կ’ըլլայ հնարաւոր ամէն բան:

Այս ամէնը պատմութեան գիրկը  անցած է եւ կը շարունակէ անցնիլ որպէս մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Գալիք սերունդներն ալ ձեզի անով կը յիշեն: Խտրականութիւնը թրքական պետութեան անգամ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը շարունակեն ընել ու խրախուսել: Սակայն կան նաեւ այնպիսիները, որոնք մինչեւ վերջ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն ընդդէմ այս յանցագործութեան»,- նշած են իրաւապաշտպան կազմակերպութեան անդամները:

 

Scroll Up