Մարտ 8. Կինը Պէտք Է Երջանիկ Ըլլայ, Կնոջ Աչքերը` Ուրախ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/մարտի8.jpg)
«Երջանկութիւն, առողջութիւն, յաջողութիւններ, միայն ուրախ եւ անհոգ պահեր, միշտ ըլլան գեղեցիկ, կանացի, միայն ժպտացող դէմքեր տեսնենք մեր շուրջը»,- տղամարդիկ կը մաղթեն կանանց` չմոռնալով աւելցնել, որ այդ ամէնը ապահովելու համար տղամարդոց դերը մեծ է:
«Կինը պէտք է երջանիկ ըլլայ, քանի որ երբ կնոջ աչքերը ուրախ են, կինը կը ժպտի, տղամարդն ալ ինքզինք լաւ կը զգայ: Ճիշտ է` այսօր ամէնուր խնդիրներ, դժուարութիւններ են, բայց հայ կինը կը շարունակէ մնալ նրբագեղ, ամէն կերպով կը ջանայ պահպանել մեր հայկական աւանդոյթները, դաստիարակել եւ մեծցել լաւ երեխաներ»,- Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է երեւանաբնակ 40-ամեայ Խաչատուր Գասպարեանը, որ օծանելիք կ՛ընտրէր կնոջ նուիրելու համար:
Վարդգէսը, որ իր ընկերուհիին համար նուէր կ՛ընտրէր, նախ ըսաւ, որ արդէն երեք տարիէ կ՛ուզէ ամուսնանալ, սակայն «բացի այն, որ ընտանիք պահելը դժուար է, կ՛ուզեմ որ կինս շատ չաշխատի: Բայց… կինը պէտք է միշտ գեղեցիկ, խնամուած ըլլայ, պէտք է ուրախ տրամադրութեամբ դիմաւորէ իր ամուսինը, երեխաները: Բայց այսօրուայ պայմանները թոյլ չեն տար, որ այդպէս ըլլայ: Կինն ալ հաւասար կ՛աշխատի տղամարդուն հետ, շատ-շատ պարագաներու առաւօտ տունէն դուրս կու գայ, միայն երեկոյեան կը վերադառնայ: Աշխատանքէն յոգնած կը վերադառնայ, այդքանէն ետք` ալ ի՞նչ ուրախ տրամադրութիւն: Բայց հալալ է մեր կանանց, կը դիմանան այդ ամէնուն, այդ ամէնով հանդերձ կը հասցնեն նաեւ տնային աշխատանքները, երեխաներուն խնամքը»:
35-ամեայ Նարինէն մէկ օր առաջ ամուսինէն նուէր ստացած է, ինքն ալ իր մայրիկին եւ կեսուրին համար նուէր կ՛առնէ:
Մարտ 8-ին կը նշուի Կանանց միջազգային տօնը: 1908-ի Մարտ 8-ին Նիւ Եորքի կարի գործարանին մէջ աշխատող կիները ցոյցի կ՛ելլեն` պահանջելով աշխատաժամանակի կրճատում ու աշխատանքի պայմաններու բարելաւում: Այդ ժամանակ տղամարդիկ ստիպուած զիջումներու կ՛երթան, եւ բանուորուհիներու պահանջները կը կատարեն: Իսկ ահա 1910-ին Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվար կանանց միջազգային համաժողովի մը ընթացքին գերմանուհի ընկերվար Քլարա Ցեթկին կ՛առաջարկէ տօնել Մարտ 8-ը որպէս կանանց իրաւունքի պաշտպանութեան եւ տղամարդոց իրաւունքներու հետ հաւասարութեան օր: Եւ ահա այդ ժամանակներէն Մարտ 8-ը կը նշուի որպէս Կանանց Միջազգային օր:
Հայաստանի մէջ անիկա կորսնցուցած է իր նախնական նշանակութիւնը, ուղղակի կը տօնեն որպէս գարնան ու կանանց տօն: