ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սաատ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան, երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի Հարիրիի հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հանդիպումը նկատեց կարեւոր եւ արդիւնաւէտ, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին:
«Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին բոլոր հարցերը, սկսեալ նախագահական ընտրութենէն, որ յաւելեալ հասունութեան կը կարօտի», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Անդրադառնալով քաղաքապետական ընտրութիւններուն` Յ. Բագրատունի ընդգծեց այդ ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ այդ իմաստով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարը համաձայն էին:
«Քաղաքապետական ընտրութիւններու շրջագիծին մէջ Հարիրի շեշտեց, որ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի կազմութեան ընթացքին անհրաժեշտ է փոխադարձ գործակցութիւնը պահպանել եւ ապահովել համայնքային հաւասարակշռութիւնն ու քրիստոնեայ-իսլամ համահաւասարութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան նշեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած են նաեւ երկրին տնտեսական եւ ընկերային հարցերը, յատկապէս աղբի տագնապին լուծման անհրաժեշտութիւնը:
«Իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն մեր կեցուածքը դրական է, պայմանաւ որ մեզի ներկայացուին կառավարութեան առաջարկները, յստակ դառնայ անոր ծրագիրներուն լրջութիւնն ու ճշդուած ժամկէտները, եւ ուսումնասիրելէ ետք այդ առաջարկները կու տանք մեր վերջնական որոշումը: Մեր համաձայն ըլլալուն մասին շրջան ընող լուրերը անճիշդ են, ճշգրտութեան համար կը յայտարարենք, որ մեր մօտեցումը դրական է եւ կ՛ուզենք արդիւնքները շօշափել` անոր լոյսին տակ համապատասխան կեցուածք որդեգրելու համար», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ «Հարիրիի հետ հանդիպումը եղած է կարեւոր եւ արդիւնաւէտ, իսկ խորհրդակցութիւններուն առումով մեր միջեւ երկխօսութիւնը միշտ առկայ եղած է, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ Հարիրիի ներկայութեան անոր հետ նոր էջեր կը բացուին»:
Պատասխանելով նախագահական ընտրութեան նիստերը պոյքոթի ենթարկելու մասին լրագրողի մը հարցումին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երբ երեսփոխաններուն թիւը հասնի 84-ի, «ապա հաստատ նախարար Արթիւր Նազարեանի հետ կ՛ամբողջացնենք օրինաթիւը` զայն վերածելով 86-ի», եզրափակեց ան:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: